Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան լկտի եւ անպարկեշտ որակած է ազերպայճանական կողմի քայլերը, երբ այդ երկիրը կը փորձէ Արդարադատութեան միջազգային ատեանին մէջ «Հայաստան՝ ընդդէմ Ազերպայճանի» գործով ունկնդրութիւններու ընթացքին հաւասարութեան նշան դնել Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ։
Ապրիլ 16-ին ունեցած իր ելոյթին, Կիրակոսեան յիշեցուցած է, որ 2021 Սեպտեմբեր 16-ին Հայաստան դատի դիմած է Ազերպայճանի դէմ, քանի որ այդ պետութեան կողմէ ցեղային խտրականութեան աղաղակող քաղաքականութիւն կ՚իրականացուէր ազգութեամբ հայերու նկատմամբ։
“Ազերպայճանի երեխաներուն դպրոցական դասագիրքերուն մէջ կը սորվեցնեն ատել եւ սպանել հայերը։ Պետական լրասփիւռները ատելութեան խօսք կը տարածեն, պետական պաշտօնեաները կոչ կ՚ընեն բնաջնջելու հայերը։ Սա պետութեան կողմէ արտօնուած համատարած ցեղապաշտութիւն է”,– ընդգծած է Հայաստանի ներկայացուցիչը։
Ան աւելցուցած է, որ ցեղային խտրականութեան երկարաժամկէտ պետական քաղաքականութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Ազերպայճան պատերազմ սանձազերծեց Արցախի բնիկ հայերուն դէմ, նպատակ ունենալով զանոնք վերացնել եւ վտարել իրենց հայրենիքէն։
“44 օր շարունակ ազերպայճանցի զինուորները կը սպանէին, կը խոշտանգէին հայերը եւ հպարտօրէն կը նկարուէին իրենց զոհերուն առջեւ…”,– Ատեանին յիշեցուցած է Կիրակոսեան՝ աւելցնելով, որ այս բռնութիւնը եւ ահաբեկումը Ազերպայճան օգտագործեց Արցախի հայերը ցեղային զտման ենթարկելու եւ նուազագոյնը 30 հազար հայեր իրենց հայրենիքէն վտարելու համար։
Հայաստանի ներկայացուցիչը ընդգծած է. “Նոյնիսկ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը չկրցաւ կանխել Ազերպայճանի ցեղապաշտ քարոզարշաւը, որու ծիրին մէջ ցեղային զտում գործադրուեցաւ”։
Եղիշէ Կիրակոսեան յիշեցնելով, որ Ազերպայճան՝ Բերձորի միջանցքի իննամսեայ շրջափակումէն ետք, 2023 Սեպտեմբերին յարձակման նախաձեռնեց՝ հարիւր հազարաւոր հայերը ստիպելով հեռանալու իրենց հայրենիքէն, նշած է, թէ այս բոլոր իրադարձութիւններէն յետոյ այդ երկիրը ոչինչ ըրած է, որպէսզի փափաքողները կարենան ապահով վերադառնան իրենց հայրենիքը։ Աւելի՛ն, Ազերպայճան կը ջնջէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ այս հանգամանքները պատճառ դարձած են, որ Հայաստան դիմէ այս Ատեանին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։