Search
Close this search box.

Լեհաստանի նախագահը պաշտօնական այցով Հայաստան կը գտնուի

 

Երկօրեայ պաշտօնական այցով Նոյեմբեր 26-ին Հայաստան ժամանած Լեհաստանի նախագահ Անճեյ Տուտա նոյն օրը իր պաշտօնակից Վահագն Խաչատուրեանի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնելէն ետք Վարշաւա մտադիր է իրագործել բոլոր ստանձնած պարտաւորութիւնները, ներառեալ՝ ջանքեր գործադրել Հայաստանի քաղաքացիներուն համար ԵՄ մուտքի արտօնագրերու ստիպողութեան ջնջումը յառաջ մղելու ուղղութեամբ։

Տուտա անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին հետեւեալը ըսած է.

“Ես այս հարցը քննարկեցի նաեւ Պաքուի մէջ՝ COP29-ի ծիրէն ներս նախագահ Ալիեւի հետ։ Կը փափաքինք, որ հայերը խաղաղ ապրին իրենց հողին վրայ՝ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ունենալով իրենց պետութիւնը, կայուն եւ յստակ նշուած սահմաններով։ Այդ խաղաղութիւնը շատ կարեւոր է նաեւ եւրոպական տարածաշրջանին համար։ Եթէ մեր օգնութեան կարիքը ըլլայ, մենք պատրաստ ենք այդ ուղղութեամբ օժանդակութիւն ցուցաբերելու”։

Նշենք, թէ Լեհաստան 2025-ին կը ստանձնէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը։

Լեհաստանի նախագահը յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Նոյն օրը Լեհաստանի նախագահը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Յիշեցնենք, թէ Լեհաստանի խորհրդարանը 2005 Ապրիլի 19-ին պաշտօնապէս ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը։