Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը խստօրէն դատապարտած է 2023 Նոյեմբեր 7-ին Ազերպայճանի կայացուցած դատավճիռը արցախաբնակ 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանի նկատմամբ։
Հիմնարկը հաղորդագրութեամբ մը կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան համոզելու Ալիեւի վարչակազմը, որ անյապաղ ազատ արձակէ իր ձերբակալած բոլոր Հայերը։
«Միջազգային համայնքը պէտք է ձեռնպահ մնայ Պաքուին որեւէ օգնութիւն տրամադրելէ, որ կրնայ բորբոքել Արցախի մէջ ցեղասպանութեան զոհերու ընտանիքներուն վիշտն ու տառապանքը։ Օրէնքը յաճախ կը ծառայէ իշխանութեան ղեկին գտնուողները օրինականացնելու, յատկապէս բռնատիրական այնպիսի վարչակարգերուն, ինչպէս՝ Ալիեւի ղեկավարած Ազերպայճանի մէջ։
Նկատի առնելով պարոն Խաչատրեանի տարիքը եւ սրտի հիւանդութիւնը, անոր 15 տարի ազատազրկումը կը նշանակէ մահապատիժ՝ թաքնուած արտաքին անմեղ շղարշով, որու ետին վարչակազմի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը ակնյայտ է»,– ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Լեմքին հիմնարկը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ Արցախի ութ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու՝ շարունակուող անօրինական բանտարկութիւնն ալ, ինչպէս նաեւ Պաքուի կողմէ տասնեակներով, թերեւս ալ հարիւրաւոր հայ խաղաղ բնակիչներու եւ ռազմագերիներու կալանաւորման փաստերը, որոնք շուտով կրնան Խաչատրեանի ճակատագրին ենթարկուիլ, թերեւս ալ անոնց կը սպասէ աւելի գէշ ճակատագիր մը:
«Կրկին ու կրկին Ազերպայճան կ՚ապացուցէ, որ կը մերժէ օրէնքներու վրայ հիմնուած միջազգային կարգը, ներառեալ մարդասիրական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ստանձնած իր պարտաւորութիւնները»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։