Search
Close this search box.

«Լեմքին» հիմնարկը քննադատած է Հայաստանի վարչապետին Ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնները

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկը շփոթած եւ մտահոգ է 2024 Ապրիլ 24-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութեան երեւոյթներով, ինչպէս նաեւ անոր աջակից եւ համախոհ Յովիկ Աղազարեանի տուած վերջին հարցազրոյցով, որ կասկածի տակ կ՚առնէ Թուրքիան հետապնդելու Հայաստանի իրաւական հիմքը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան զոհերու ցանկի կազմութեան մասին բանավէճերով:

«Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Փաշինեանի յայտարարութեան մէջ ամէնէն ուշագրաւը, թերեւս, նախայարձակի մասին որեւէ յիշատակման բացակայութիւնն էր: Փաշինեանի թեզերը միաժամանակ կը ձայնակցին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումին, որ կ՚արդարացնէ զայն: Կրկնելով 1915-1923 թուականներու իրադարձութիւններու թրքական վարկածը` Հայաստանի վարչապետը, ըստ էութեան, Թուրքիան կ՚ազատէ Հայոց ցեղասպանութեան համար պատասխանատւութենէն` նսեմացնելով ճանաչման ուղղուած եւ ցարդ կատարուած բոլոր ջանքերը, որ կրնայ զգալիօրէն բարդացնել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Թուրքիան պատասխանատւութեան ենթարկելու շարունակական աշխատանքը:

Հայաստանի վարչապետին խօսքերը ուղղակի կը կրկնեն հայ ժողովուրդը իբրեւ ապստամբ եւ դաւաճան ներկայացնող թրքական պաշտօնական տեսակէտը: Ան կարծէք կը փորձէ համոզել, որ հայերը կրնան խուսափիլ ապագայ ցեղասպանութիւններէն միայն անձնատւութեան ենթարկուելով Թուրքիոյ այժմու բռնագրաւման մոլի ծրագրերուն:

Փաշինեանին կոչ կ՚ուղղենք` վերատեսութեան ենթարկելու իր յայտարարութիւնները եւ վերահաստատելու Հայաստանի յանձնառութիւնը` արդարադատութիւնը վերականգնելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցով։ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ոչ թէ Հայաստանը, այլ Ազերպայճանն ու Թուրքիան կը սպառնան, որոնք կը շարունակեն ցեղասպան հայատեացութիւն քարոզել ամբողջ աշխարհի վրայ»,– մասնաւորապէս նշուած է «Լեմքին» հիմնարկի Մայիս 10-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: