Search
Close this search box.

Լեմքին հիմնարկին հաղորդագրութիւնը՝ Արցախի բնակիչին սովամահութեան լուրին կապակցութեամբ

 

Ցեղասպանութեան արգիլման Լեմքին հիմնարկը (Lemkin Institute for Genocide Prevention) խորապէս մտահոգ Արցախցի 40-ամեայ բնակիչին սովամահութեան լուրով, հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«Արցախի շրջափակումը նպատակ ունի ոչնչացնելու տեղւոյն հայ բնակչութիւնը զանգուածային տեղահանման կամ սովամահութեան միջոցով: Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անձնապէս բազմիցս յայտարարած է այս մասին, ինչպէս 2023 Մայիս 29-ին, երբ ան կը սպառնար. «Երրորդ հրաւէր պիտի չըլլայ, կամ անոնք խոնարհաբար կու գան մեր քով, կամ իրադարձութիւնները կը զարգանան այլ ուղղութեամբ։ Մենք ունինք բոլոր կարելիութիւնները այս տարածաշրջանին մէջ մեր ուզած գործողութիւնը իրականացնելու համար։ Հետեւաբար՝ խորհրդարանը պէտք է լուծարուի, ինքզինք “նախագահ” անուանող անձը պէտք է յանձնուի, բոլոր “նախարարները”, “երեսփոխանները” եւ միւսները արդէն պէտք է լքեն իրենց պաշտօնները։ Միայն այդ պարագային կարելի է խօսիլ որեւէ համաներման մասին»։

Լեմքին հիմնարկը կ՚ուզէ յստակացնել, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, ԱՄՆ-ու նախագահ Ճօ Պայտըն, Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ բոլոր միւս առաջնորդները, որոնք ստեղծած են անպատժելիութիւնը, որով այժմ կը գործէ Նախագահ Ալիեւ, ուղղակի պատասխանատւութիւն կը կրեն Արցախցիի մահուան, ինչպէս նաև ոեւէ այլ անձի համար, որ կրնայ զոհուիլ այդ շրջափակման հետեւանքով: Վերոնշեալները կրնան նաեւ ներգրաւուած ըլլալ ցեղասպանութեան յանցագործութեան մէջ։

Լեմքին հիմնարկը կ՚ուզէ անգամ մը եւս յստակացնել, որ Արցախի շրջափակման գործողութեան՝ Ազերպայճանին նպաստող որեւէ անձ եւ/կամ պետութիւն, ըլլայ ան ուղղակի օտար երկիրներու օգնութեան միջոցով, թէ անուղղակի կերպով, հրաժարելով օգտագործել իր տրամադրութեան տակ գտնուող դիւանագիտական բոլոր գործիքները, կը հանդիսանայ Արցախի Հանրապետութեան 120.000 քաղաքացիներու ցեղասպանութեան մասնակից եւ կրնայ պատասխանատւութեան ենթարկուիլ դատարանի մէջ՝ յանցակցութեան համար: «Խիստ անհրաժեշտ է, որ միջազգային առաջնորդները անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկեն Ազերպայճանի դէմ՝ Արցախի Հանրապետութեան մէջ հետագայ մահերը կանխելու համար»,– կը շեշտէ Լեմքին հիմնարկը: