ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Ստեղծուած պատերազմական ճգնաժամին մէջ հայ համայնքի նախաձեռնութիւններն ու աշխատանքները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.
Ա.- Արամ Ա. վեհափառը մօտէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն, համայնքին պարզած դժնդակ կացութեան եւ դժուարութիւններուն: Վեհափառը այս իմաստով, ինչպէս մի՛շտ, այսօր եւս իր հայրական գուրգուրանքը կը ցուցաբերէ:
Բ.- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը յատուկ կոչով թելադրած է օգնութեան ձեռք երկարել Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան:
Գ.- Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները բաց հանդիպումներ կը կատարեն եւ ինչպէս անցեալին, այս փուլին եւս համայնքին միասնակամութիւնը ամուր պահելու, ժողովուրդի կարիքներուն անսալու համար պարտն ու պատշաճը կը տնօրինեն:
Դ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէն պաշտօնական հաղորդագրութիւններով, նաեւ իր ներկայացուցչին ճամբով կատարած յայտարարութիւններով ու քաղաքական շփումներով, Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի վայրագութիւնները դատապարտելու կողքին, մնայուն կերպով կը շեշտադրէ միջհամայնքային միասնակամութեան եւ գաղթական դարձած լիբանանցի եղբայրներուն ու քոյրերուն կենսական կարիքներուն հաւաքական ճիգով հասնելու անհրաժեշտութիւնները:
Ե.- ՀՅԴ ակումբները եւ ժողովրդային կեդրոնները բաց են 24/24 ժամ դրութեամբ եւ անմիջական ու մնայուն կապի մէջ են ժողովուրդին հետ:
Զ.- Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը կը շարունակէ իր ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ հերթական իր հանդիպումներով կը փորձէ համակարգել բարեսիրական միութիւններու ու հաստատութիւններու ծառայողական եւ օժանդակութեանց աշխատանքները:
Է.- Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը արդէն իսկ նախաձեռնած է հայաշատ շրջաններու մէջ գաղթականներուն սննդամթերք ապահովելու աշխատանքին:
Ը.- Գաղութին բարեսիրական հաստատութիւնները, յարանուանական կառոյցները եւ միութիւնները կրկնապատկած են իրենց ճիգերը եւ համայնքին օրէ ըստ օրէ բազմացող կարիքներուն կողքին, կը փորձեն անսալ նաեւ գաղթականներու առողջապահական ու ընկերային անհրաժեշտ պէտքերուն:
Թ.- ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը կը շարունակէ իր ընկերային ու առողջապահական ծառայութիւնները եւ կ՛ընդունի հարաւային Լիբանանէն հայաշատ շրջաններ ապաստանած քաղաքացիները: ԼՕԽ-ը սննդամթերք ու բժշկական օգնութիւն կը տրամադրէ հայաշատ շրջաններու մէջ հաստատուած գաղթակայաններուն:
Ժ.- Հայ երիտասարդներ եւ ուսանողներ կը կազմակերպեն ու մասնակից կը դառնան կամաւորական ծառայողական աշխատանքներու:
ԺԱ.- Այնճարի կուսակցական մարմինը, իր ժողովուրդին օգտակար հանդիսանալու կողքին, գիւղին մէջ ապաստանած գաղթականներուն կը ցուցաբերէ յատուկ գուրգուրանք:
ԺԲ.- Արեւմտեան Պէյրութի Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» ճեմարանին եւ Այնճարի Հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ ապաստանած են մեծ թիւով գաղթականներ:
ԺԳ.- Հայկազեան համալսարանի ուսանողական խորհուրդը գաղթականներու տարրական կարիքներուն` սննդեղէնի, մաքրութեան, հագուստեղէնի ու կենցաղային իրերու հաւաքագրման աշխատանքին ձեռնարկած է:
Այս բոլորը անշուշտ կ՚իրականացուին համայնքին սահմանափակ կարելիութիւններով եւ, տագնապի շարունակութեան պարագային, բնականաբար աւելի ընդարձակ ու բազմաբնոյթ պարտաւորութիւններու տակ պիտի դրուին համայնքին պատասխանատու մարմինները: Այստեղ անշուշտ համահայկական զօրակցութիւնը պիտի դառնայ խիստ կենսական ու հրամայական առաջնահերթութիւն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։