Search
Close this search box.

ԼԻԲԱՆԱՆ – Իսրայէլ ռմբակոծած է Պէյրութի հարաւը

Հայ համայնքէն տուժած չկայ

Յուլիս 30-ին, Իսրայէլի օդային յարձակման թիրախ դարձած են Պէյրութի հարաւային արուարձանները։ Այս կապակցութեամբ News.am-ի թղթակիցը հարցազրոյց ունեցած է «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ։ Ան մասնաւորապէս նշած է.

«Յարձակման հետեւանքով հայ համայնքէն տուժած չկայ։ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ հայ համայնք չկայ, կրնայ ըլլայ աշխատանքի բերումով հայեր հոն երթ ու դարձ ընեն, բայց չեն բնակիր այդ շրջաններուն մէջ։ 

Ներկայիս սպասողական, մտահոգիչ եւ գերլարուած իրավիճակ կը տիրէ, բայց խուճապի տրամադրութիւն չկայ։  Չի բացառուիր որ որոշ մարդիկ փափաքին հեռանալ երկրէն։ Երկու հանգամանք կրնայ ազդել այս որոշումին վրայ։ Նախ՝ թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ օտար երկիրներու օդային որոշ ընկերութիւններ յետաձգած, առկախած կամ պարզապէս ջնջած են թռիչքները։ Երկրորդ՝ օտար դեսպանութիւններու կոչերը, որոնք կը յորդորեն չայցելել Լիբանան կամ անյապաղ լքել երկիրը…»։