Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ), Յուլիս 26-ի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուած է Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակը:
Բացման խօսքը արտասանած է Կալի Թագւորեան: Օրուան առթիւ բանախօսած է Յակոբ Հաւաթեան:
Ոգեկոչման ձեռնարկին ցուցադրուած է Լիզպոնի գործողութիւնը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր. ԼԵՄ-ականներ հանդէս եկած են ասմունքով, իսկ ԼԵՄ-ի նուագախումբը ելոյթ ունեցած է Լիզպոնի նուիրուած երգերով:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է ջահերթ՝ դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, առաջնորդութեամբ` ջահակիր ԼԵՄ-ի ընկերներուն եւ մասնակցութեամբ խուռներամ բազմութեան:
Լիզպոնի 5 տղոց պանթէոնին դիմաց կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։