Search
Close this search box.

ԼԻԲԱՆԱՆ – Հազարաւոր վիրաւորներ եւ 37 մեռեալ՝ լիբանանցիներու գործածած հաղորդակցութեան անլար կազմածներու (փեյճըր) պայթեցման հետեւանքով

Սեպտեմբեր 17-ի յետմիջօրէին Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու, Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլահի անդամներու գործածած «փեյճըր» հաղորդակցութեան անլար սարքերու պայթեցման հետեւանքով բազմաթիւ մահեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ արձանագրուեցան։

«Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի աղբիւրները կը նշեն, թէ իսրայէլեան արտաքին հետախուզութիւնը` Մոսատը, Հըզպալլահի օգտագործած հաղորդակցութեան սարքի բարդին վրայ «ՓԵԹՆ» խիստ պայթուցիկ նիւթէն դրած է, եւ սարքերը պայթեցուած են անոնց բարդերուն ջերմաստիճանը բարձրացնելու ճամբով:

Իսրայէլեան «Հաարեց»-ը նշած է, թէ Իսրայէլ սարքերը պայթեցուցած է կարճ պատգամներ յղելու ճամբով:

Պայթումէն ետք հաղորդուեցաւ, թէ «Հունգարիոյ մէջ «Պի.Էյ.Սի.» ընկերութիւնը արտադրած է հաղորդակցութեան սարքերը, որոնք Լիբանանի մէջ պայթեցուեցան:

Յաջորդ օրը՝ Սեպտեմբեր18-ին, Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ դարձեալ անթել հաղորդակցութեան սարքեր (talkie-walkie) պայթած են, պատճառելով 25 զոհ եւ աւելի քան 600 վիրաւոր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19-ին կը հաղորդուէր թէ յաջորդական այս երկու յարձակումներէն ետք՝ մեռեալներու ընդհանուր թիւը հասած է 37-ի, իսկ շուրջ 3.500 հոգի ալ վիրաւորուած է։

Այս կապակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Դիմագիրքի իր էջին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Հայրենիքին ու անոր զաւակներուն վրայ այս յարձակումին ի տես, ցաւակցութիւն կը յայտնենք նահատակներու հարազատներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն:

Հայրենիքը իր զաւակներու համախմբուածութեամբ պիտի շարունակէ թշնամիին յարձակումներուն դիմադրող մնալ:

Աստուած պահապան Լիբանանին…»:

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան լրասփիւռներուն տեղեկացուցած է, թէ պայթումներուն հետեւանքով հայ համայնքէն տուժածներ չկան։