Search
Close this search box.

ԼԻԲԱՆԱՆ – Պաշտօնական ընդունելութիւն` կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի անփուտ մարմնին

Սեպտեմբեր 12-ին, կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքին մարմինը 53 տարի Հռոմ մնալէ ետք հասած է Պէյրութի օդակայան, ուր արժանացած է պաշտօնական ընդունելութեան:

Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է կարդինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմնին հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ պետական, կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու ու Լիբանանի բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներու:

Ժողովրդային հանդիսաւոր ընդունելութեան ընթացքին խօսք առած են Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք, մարոնի համայնքի պատրիարք կարդինալ Պշարա Ռայի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպիսկ. Պատիշահ:

Լիբանանեան ազգային եւ հայկական հոգեւոր երաժշտութիւններով հանդէս եկած է լիբանանեան բանակի նուագախումբը:

Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին կարդինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմինը թափօրով փոխադրուած է Սուրբ Եղիա – Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցի ու զետեղուած այս առիթով պատրաստուած նորակառոյց շիրիմին մէջ, առիթը տալով հաւատացեալներուն մօտէն տեսնելու զայն ու պահ մը աղօթելու անոր դամբանին առջեւ։

Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 2022 Հոկտեմբեր 28-ին, իսկ  2024 Փետրուար 23-ին աւարտած էր անփուտ մարմնին կանոնական հետազօտութիւնը եւ վաւերականութիւնը:

***

Նշենք թէ մահէն ետք ժամանակի ընթացքին չփտող մարդկային մարմիններու հազուադէպ պարագան կը մնայ գիտականօրէն մեծ մասամբ անբացատրելի։ Այսպէս է նաեւ 1879-ին մահացած համբաւաւոր Սէնթ Պերնատեթ Սուպիրուի պարագան։ Անոր մարմինը կը հանգչի Լուրտի մէջ, կարդինալ Աղաճանեանի նման՝ ապակեայ նշխարատուփի մը մէջ, զոր ուխտաւորները կրնան այցելել։ Ի դէպ, կ՚ըսուի թէ վերջինիս պարագային՝ հակառակ մարմնին այդ բացառիկ տոկունութեան՝ մահը յաջողած է որոշ մասերու վրայ իր կնիքը դրոշմել, որու պատճառով ալ հարկ եղած է կարգ մը շպարումներ, կանխելու համար այցելուներու հաւանական սոսկումը։