Լիբանանահայ հասարակական գործիչ, հրապարակախօս, yerepouni-news.com կայքէջի տնօրէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտըմեան Լիբանանի կացութիւնը սապէս կը մեկնաբանէ.
Վերջին 15 օրերուն իսրայէլական բանակը, որոշ ձեւով հեռանալով կամ հեռացնելով իր ռազմական գործողութիւնները Կազայի հատուածէն, թիրախ դարձուց Լիբանանը: Նախ պատճառաբանեց, թէ Լիբանա-նի հարաւային շրջաններուն մէջ ոչ-լայնածաւալ գործողութիւններ պէտք է իրականացնէ՝ Հեզպալլահի զինեալները հեռացնելու նպատակով, սակայն հետագային ապացուցուեցաւ, որ նպատակը ամբողջ Լիբանանի ասպատակումն է՝ յընթացս ռմբակոծելով երկրին տարբեր շրջանները:
Մայրաքաղաք Պէյրութը առաւել ծանր ռմբահարումներու ենթարկուեցաւ՝ նկատի ունենալով, որ ան նաեւ Հեզպալլահի քաղաքական ղեկավարութեան կեդրոնն է: Գլխաւոր ոճիրը այն է, որ սպանուեցաւ Հեզպալլահի առաջնորդ Հասան Նասրալլահն ու անոր հետ նաեւ շարժումի քաղաքական ղեկավարութեան անդամներ: Հետագային շարունակելով ահաբեկչական գործողութիւնները՝ Իսրայէլ սարսափի մթնոլորտ ստեղծեց Լիբանանի մէջ՝ հրթիռակոծելով երկիրը՝ հիւսիսային շրջաններէն մինչեւ հարաւային շրջաններ, գիւղեր՝ պատճառաբանելով, թէ այդ բնակավայրերուն մէջ Հեզպալլահի զինեալներ կան: Ըստ էութեան, Իսրայէլ կը հարուածէ քաղաքացիական ենթակառոյցները։ Մեծ աւերածութիւններ կան, իսկ երկրէն փախուստի դիմողներու թիւը այս պահուն հասած է շուրջ 1 միլիոն 200 հազարի եւ տակաւին այս թիւը կ՚աւելնայ։ Մարդիկ զրկուած են իրենց բնակարաններէն կամ լքած են իրենց տուները եւ այդ պատճառով բազմաթիւ լիբանանցիներ նոյնիսկ կը գիշերեն փողոցներու մէջ:
Հայկական շրջանները առայժմ ապահով վիճակի մէջ են: Տուժածներու, վիրաւորներու մէջ, բարեբախտաբար, ցայսօր հայեր չկան: Բայց ոչ մէկ բան կարելի է բացառել. կոյր ռմբահարումները կրնան տարածուիլ ամէնուր եւ ցաւալի հետեւանքներ ունենալ բոլոր շրջաններու եւ շրջանակներու համար:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի միաբանութիւնը՝ գլխաւորապէս, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի, միշտ նախանձախնդիր է եւ ուշադիր լիբանանահայութեան ճակատագրով ու անոր վիճակով: Այս իմաստով որոշ նախաձեռնութիւններ կ՚իրագործուին ընկերային ծառայութիւններու, բժշկական օգնութիւններու միջոցով: Նոյնանման աշխատանքներ կը տանին նաեւ լիբանանահայ համայնքի գլխաւոր կառոյցները՝ կուսակցութիւնները, բարեսիրական կազմակերպութիւնները, մարզամշակութային կառոյցները՝ համայնքի անվտանգութիւնն ու անհրաժեշտ աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով: Կարեւոր է, որ Լիբանանի հայ համայնքը միասնական է եւ ամէն բան կը կատարուի՝ յանուն լիբանանահայութեան կարիքներուն առաւելապէս օգտակար ըլլալու:
Այս կացութիւնը, դժբախտաբար, կ՚երկարի: Այժմ մեծ գաղթ սկսած է: Նախ, այն քաղաքացիները, որոնք երկու անցագիր ունին, ըսել է՝ երկքաղաքացիութիւն, սկսած են լքել Լիբանանը: Բացի ատկէ, տարբեր երկիրներ դիմեցին Լիբանան ապրող իրենց քաղաքացիներուն՝ երկիրը լքելու հրատապ կոչով:
Լիբանանահայութիւնն ալ անմասն չէ այս իրավիճակէն: Թէպէտ կը պայքարինք տեղւոյն վրայ եւ կ՚ուզենք Լիբանանի մէջ շարունակել մեր առաքելութիւնը, սակայն չենք գիտեր, թէ անվտանգային մարտահրաւէրներն ու խնդիրները ո՛ւր կրնան հասցնել երկիրը: Որովհետեւ թշնամին ամէն գինով վճռած է ոչ միայն հաշուեյարդար տեսնել Հեզպալլահի հետ, այլեւ ամբողջութեամբ կործանել Լիբանանը՝ զայն վերածելով երկրորդ Կազայի նման տափաստանի մը: Ի դէպ, նկատի ունենալով, որ օրին՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին Իսրայէլ իր դերակատարութիւնը ունեցած է՝ կանգնած ըլլալով Ազերպայճանի կողքին եւ աջակցելով այդ երկրի բռնարարքներուն, ինքնաբերաբար պարզ է, թէ ինչ պէտք է ըլլայ մեր կեցուածքը Իսրայէլի այսօրուան ոտնձգութիւններուն հանդէպ:
Յամենայն դէպս, ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն՝ լիբանանահայութիւնը, ինչպէս նախորդ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ՝ երկար տարիներ, այս անգամ եւս կառչած կը մնայ լիբանանեան հայրենիքին եւ կը պայքարի ի խնդիր երկրի տարածքային ամբողջականութեան գերիշխանութեան եւ ժողովրդավարական հասարակարգի ստեղծման:
Աղբիւր՝ «Հրապարակ» ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։