Search
Close this search box.

Լիթուանիոյ նախագահը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք  մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Մայիս 19-ին Հայաստան ժամանած Լիթուանիոյ նախագահը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Այնուհետեւ այցելած է Ցեղասպանութեան թանգարանը եւ հետեւեալը գրած է պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ.-

«Յարգանքի տուրք մատուցեցի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Ատիկա մարդկութեան պատմութեան մութ պահն է, որ երբեք պէտք չէ մոռցուի։ Յիշատակը յաւերժ է»։

Աւարտին, նախագահ Կիթանաս Նաուսետա ծառ տնկած է յուշահամալիրի ծառուղիին մէջ։

Նշենք, թէ Լիթուանիոյ խորհրդարանը 2005 Դեկտեմբեր 15-ին ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը։