Հայաստանի Սիւնիքի մարզի եւ Ֆրանսայի Օվերնեը-Ռոն-Ալփի շրջանի միջեւ 2023 Մարտին ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագրի ծիրէն ներս՝ Նոյեմբեր 22-ին, Օվերնեը-Ռոն-Ալփի շրջանային խորհուրդի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Սիւնիքի մարզի հինգ համայնքներու` Մեղրիի, Քաջարանի, Սիսիանի, Տեղի, Տաթեւի եւ Օվերնեը-Ռոն-Ալփի շրջանի հինգ համայնքներուն՝ Պրոնի, Սէն Շամոնի, Մոնթելիմարի, Մոռնանի, Փիւի-ան-Վըլէի միջեւ համագործակցութեան համաձայնագրերու ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Նկատի առնելով Գորիս-Վիէն, Կապան-Սէն թ՚Էթիէն քաղաքներու ընթացիկ համագործակցութիւնը՝ զուգորդութեան այս համաձայնագրերով Օվերնեը-Ռոն-Ալփի շրջանը այսուհետեւ կը համագործակցի Սիւնիքի մարզի բոլոր՝ եօթը համայնքներուն հետ ալ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։