Search
Close this search box.

ԼԻՈՆ – Միակ օրակարգը՝ ամրապնդել Օվերնեը–Ռոն Ալփ – Սիւնիք համագործակցութիւնը

Նոյեմբեր 21-ին, Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանային խորհուրդի յարկին տակ տեղի ունեցած է «Մէկ քաղաք՝ մէկ համագործակցութիւն» խորագրեալ ծրագիրը իրագործող յանձնախումբին նիստը՝ Սիւնիքի մարզի պատուիրակութեան ու Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանային ղեկավարութեան մասնակցութեամբ։

Քննարկուած են Սիւնիքի մարզի ու Օվերնեը–Ռոն Ալփի միջև ապակեդրոնացուած համագործակցութեան մանրամասնութիւններն ու կարելիութիւնները։

Մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան անդրադարձած է Սիւնիքի մէջ այլ միջազգային ծրագրերուն ու ներկայացուցած սոյն բարեկամութեան հետ անոնց հնարաւոր եզրերը։

Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանային խորհուրդի փոխնախագահ Թիէրի Գովաքս իր կարգին ներկայացուցած է այն հիմնական գործիքակազմերը, որոնց միջոցով  պիտի շարունակուի  համագործակցութիւնը երկու կողմի համայնքներուն միջեւ։

Դիտարկուած են նաեւ կրթական համակարգին մէջ փոխանակման ծրագրերու իրականացման տարբերակները։

«Բարեկամութեան օր»-ուան միջոցառումները պաշտօնապէս սկիզբ առած են նախորդ օրը Լիոնի Ֆուրվիէռ մայր տաճար այցելութեամբ, ուր Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները ծանօթացած են սրբատեղիի պատմութեան։

www.syunik.mtad.am