«Օվերնեը-Ռոն-Ալփ – Հայաստան-Սիւնիք բարեկամութեան օր»-ուան ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ մէկ այլ՝ «Միասին՝ յանուն Սիւնիքի անվտանգ եւ կայուն ապագայի» խորագիրը կրող համաժողովը։
Բացման խօսքով հանդէս եկան Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարարութեան՝ անվտանգութեան հարցերու նախարար Նիքոլա Տարակոն եւ Լիոն ժամանած Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար, Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան։
Նախարար Տարակոն վերահաստատեց Ֆրանսայի ամբողջական յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան եւ կառավարութեան անունով ողջունեց Օվերնեը-Ռոն-Ալփի եւ Սիւնիքի մարզի միջեւ հաստատուած ու շարունակաբար զարգացող համագործակցութիւնը։
Պարոյր Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ իր առջեւ ծառացած աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու կացութաձեւին մէջ Ֆրանսայի ցուցաբերած առանձնայատուկ ուշադրութիւնը, ամէնէն բարձր մակարդակով արտայայտուած սկզբունքային յանձնառութիւնը եւ բացառիկ զօրակցութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ։ Ան նշեց, թէ ներկայիս Լիոնի մէջ ընթացող ձեռնարկները կ՚ապացուցեն հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու անխախտ բարեկամութիւնը։
Համաժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած կլոր-սեղանի քննարկման իբրեւ բանախօս հանդէս եկան փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան, Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան, Օվերնեը-Ռոն-Ալփի շրջանի նախագահ Ֆապրիս Փանքուք, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան, «Հանրապետական աջ» խմբակցութեան ղեկավար, Օվերնեը-Ռոն-Ալփի շրջանային խորհուրդի խորհրդական Լոռան Վոքիէզ, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի։
Կլոր-սեղանի քննարկման յատկապէս հրաւիրուած էին եւ բանախօսեցին նաեւ «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն եւ «Merieux» հիմնադրամի նախագահ, քաղաքական գործիչ Ալէն Մերիէօ։
Բանախօսները համաժողովի աւելի քան 400 մասնակիցներուն ներկայացուցին Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային կացութիւնը, առկայ մարդասիրական խնդիրները եւ այդ շրջածիրին մէջ ընգծեցին համաժողովի՝ «Միասին՝ յանուն Սիւնիքի անվտանգ եւ կայուն ապագայի» խորագրին ընտրութեան կարեւորութիւնը։
Համաժողովին ներկայ էին Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխնախարար Վաչէ Տէրտէրեան, Տնտեսութեան փոխնախարար Արման Խոջոյեան, դեսպան Արման Խաչատրեան, Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանի փոխնախագահներ, հայկական եւ ֆրանսական համայքներու ղեկավարներ, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, լրագրողներ, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ։
«Օվերնեը-Ռոն-Ալփ – Հայաստան-Սիւնիք բարեկամութեան օր»-օրուան ձեռնարկները եզրափակուեցան ֆրանսահայ նշանաւոր թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեանի կատարումներով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։