Յունուար 9-ին՝ Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան օրը, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան նախաձեռնութեամբ, Լիոնի քաղաքապետարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած է աշխարհահռչակ բեմադիրի 100-ամեակին նուիրուած երկու ձեռնարկ՝ լուսանկարչական ցուցահանդէս եւ դասախօսութիւն՝ արուեստի պատմաբան և ընկերաբան փրոֆ. Ալէն Նաւարա-Նաւասարդեանի մասնակցութեամբ:
Գլխաւոր հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեան իր ելոյթին շնորհակալութիւն յայտնած է Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէին եւ փոխքաղաքապետ Սոնիա Զտորովցոֆին՝ սոյն նախաձեռնութեան աջակցելնուն, Ալէն Նաւարա-Նաւասարդեանին՝ յիշարժան դասախօսութեան, ինչպէս նաեւ Մաքսիմ Եւատեանին ու անոր «Հայաստանի ակունքները» միութեան՝ ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ընդառաջ տարած աշխատանքին համար։
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Երեւանի՝ Փարաճանովի թանգարանին հետ գործակցաբար։ Ցուցադրուած են արուեստագէտին դիմանկարները, գոլաժները, յատկապէս՝ «Քանի մը դրուագ Ժոգոնտի կեանքէն» շարքէն, «Նռան գոյնը» ժապաւէնի զգեստներու էսքիզները, բանտին մէջ ստեղծուած գործերը եւ այլն: Լուսանկարներու մեծ մասին հեղինակն է՝ լուսանկարիչ, Փարաճանովի թանգարանի հիմնադիր Զաւէն Սարգսեան:
Լիոնի քաղաքապետարանի Atrium-ին մէջ տեղի ունեցող ցուցահանդէսը հանրութեան համար բաց կը մնայ մինչեւ Յունուար 16, ժամը 11–19.
Յունուար 6-ին, Լիոնի Սուրբ Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հոգեւոր հովիւ Իսահակ աւ. քահանայ Հեքիմեանի նախագահութեամբ մատուցուած է պատարագ եւ կատարուած Ջրօրհնէքի արարողութիւն։
Եկեղեցական արարողութեան ներկայ եղած են հիւպատոսուհի Նարինէ Նիկոլեան, Ֆրանսայի թեմական խորհուրդի նախագահը եւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։