Յունիս 16-ին, Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան գրասենեակը հիւրընկալած է հայ համայնքի ներկայացուցիչները։
Հանդիպումին յատկապէս հրաւիրուած է տեղւոյն հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Արմէն քահանայ Մելքոնեան։
Դեսպանութեան գրասենեակի գործերու հաւատարմատար Արփինէ Խաչատրեան ներկայացուցած է Հայաստան-Լիւքսեմպուրկ յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթը, դեսպանութեան առաջնահերթութիւնները եւ յառաջիկայի ծրագրերը։
Այնուհետեւ Տէր հօր կողմէ ծաւալած է զրոյց՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատամքի, առանձնայատկութիւններու եւ հոգեւոր կեանքի առնչութեամբ։
Հանդիպումը ամփոփուած է քննարկուած հարցերուն շուրջ հարցում-պատասխանի բաժինով։
Նոյն օրը երեկոյեան, մայրաքաղաքի Աւետարանական եկեղեցւոյ յարկին տակ, «Մարդկային իրաւանց համընդհանուր հռչակագրի» 75-ամեակին նուիրուած համերգի ծիրին մէջ հնչած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները։ Այս աշխատանքին մէջ մեծ ներդրում ունեցած է երաժշտագէտ Սերինէ Խաչատրեան։
Կատարումներով հանդէս եկած են Արմէն քհնյ Մելքոնեան, Սերինէ Խաչատրեան եւ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներէ կազմուած երգչախումբը։
Համերգը կազմակերպուած է ACAT Luxembourg միութեան կողմէ, Հայաստանի դեսպանութեան գրասենեակին համագործակցութեամբ։
Արմէն քհնյ Մելքոնեան, Սերինէ Խաչատրեան եւ Հայաստանի դեսպանութեան հաւատարմատար Արփինէ Խաչատրեան
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։