Search
Close this search box.

Լոյս տեսած է Ազնաւուրի «La vie selon Charles» գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը

Հոկտեմբեր 12-ին, «Ազնաւուր» հիմնադրամը եւ «Newmag» հրատարակչատունը ներկայացուցած են « La vie selon Charles » գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը՝ «Կեանքը Շառլի աչքերով»: Հատորը լոյս տեսած է Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու շրջանակին մէջ` ֆրանսական «Albin Michel» հրատարակչութեան աջակցութեամբ:

Գիրքը կը ներկայացնէ Ազնաւուրի փիլիսոփայութիւնն ու անձնական խոկումները. ան կը ներառէ անոր հազարաւոր ուշագրաւ հարցազրոյցներէն (1950-ականներէն մինչև 2010-ականներ) խնամքով հաւաքագրուած հատուածներ, հազուագիւտ լուսանկարներով: «Այս գիրքը բացառիկ պատուհան մըն է դէպի հօրս ներաշխարհը»,– հատորի նախաբանին մէջ նշած է Նիքոլա Ազնաւուր։

Գիրքին հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է «Francofest» փառատօնի ծիրին մէջ կազմակերպուած առանձին քննարկման ձեւաչափով, որուն մասնակցած են Նիքոլա Ազնաւուր, թարգմանիչ Սամուէլ Գասպարեան, խմբագիր Յասմիկ Առաքելեան եւ գրականագէտ Անի Ջանիկեան: Քննարկումը վարած է «Ազնաւուր» հիմնադրամի հաղորդակցութեան ղեկավար Տաթեւիկ Ղազարեան։