Սարդարապատի հայոց ազգագրութեան թանգարանը հրատարակած է «Հայկական դուդուկի վարպետները» պատկերագիրքը, ուր ներկայացուած են հայկական դուդուկի նշանաւոր վարպետները՝ 19- րդ դարէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը բարձր վարպետութեան հասնելու իր իւրայատուկ ճամբան անցած է։
«Մենք փափաքած ենք գիրքի մը մէջ ամփոփել ոչ միայն բոլոր նշանաւոր հայ դուդուկահարները, այլեւ դուդուկի կամ ծիրանափող գործիքի պատմութիւնը, անոր անցեալն ու ներկան»,– անդրադառնալով պատկերագիրքին յայտնած է նշեալ թանգարանի փոխտնօրէնուհի Սվետլանա Պօղոսեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։