Search
Close this search box.

Լոյս տեսած է Հ․ Վահան վրդ․ Յովհաննէսեանի «Բարի լոյս Հայաստան» հայկական աւանդավէպը

ՎԵՆԵՏԻԿ – ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ, ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

2024 տարին Մխիթարեան Միաբանութեան հայրենանուէր մշակներէն՝  Հ․ Վահան վրդ․ Յովհաննէսեանի ծննդեան 130-ամեակն էր եւ այդ առթիւ լոյս տեսաւ իր իսկ շարադրած բայց մինչ օրս անտիպ մնացած ազգաշունչ գրութիւններէն մին՝ «Բարի լոյս Հայաստան» հայկական աւանդավէպը։

Ծաւալուն այս հատորը պատումն է Սուրբ Թադէոս Առաքեալի Հայաստան աշխարհ քարոզութեան, Սրբուհի Սանդուխտ արքայադուստրի նահատակութեան ու Հայոց մէջ քրիստոնէական առաջին համայնքներու ծնունդի ու ձեւաւորման պատմութեան։

Աշխատութիւնը բաղկացած է 26 մանրապատումներէ, ուր իւրաքանչիւր գլուխ շղթայաբար կը շարունակէ նախորդի դէպքերը մէկը միւսին հիւսելով եւ կազմելով մէկ ամբողջական պատմութիւն։

Հայրենաշունչ այս աշխատութիւնը ծերունուզարդ Վարդապետի հեղինակած 40-ի հասնող այլազան հատորներէն մին էր, որ գրի առնուած է 1962-ին Սուրբ Ղազար մայրավանքի իր համեստ խուցին մէջ, երբ արդէն մեծանուն Ոուսուցիչը վանք վերակոչուած էր իր քարոզչական ու դաստիարակչական երկարաշունչ տարիներու առաքելութենէն, Վենետիկէն Միլանօ, Փարիզէն Հալէպ եւ աշխարհի այլ անկիւններ։

Այս հայկական աւանդավէպը Հ․ Վահան վարդապետի հոգեշունչ կտակն է ուղղուած իւրաքանչիւր հայ պատանիի եւ երիտասարդի։

Իւրատեսակ այս հատորը ընթերցասէր հայորդին կ’առաջնորդէ իր ինքնութեան ճանաչման։

Հայրենաճանաչողութեան ու բարոյախրատական ուղեցոյց մըն է, որու միջոցով երիտասարդը կրնայ աւելի կառչիլ իր հաւատքին, սիրել ու նուիրուիլ իր ազգին ու հայրենաւանդ արժէքներուն։