Search
Close this search box.

Լոյս տեսած է Սիրան Սեզայի նամականիին  Ա. հատորը

 

Նոյեմբեր 20-ին, Երեւանի «Հայաստան» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է լիբանանահայ գրող, խմբագիր, հասարակական գործիչ, խիզախ մտաւորական Սիրան Սեզայի (Զարիֆեան-Քիւփելեան, 1903-1973) նամականիին Ա. հատորը, Գէորգ Եազըճեանի խմբագրութեամբ: Չորս հատոր նախատեսուած նամականիին այս առջինեկը կ՚ընդգրկէ Սեզայի նամակագրութիւնը Վահէ-Վահեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի հետ՝ համապատասխանաբար 1932-1955 եւ 1933-1948 ժամանակաշրջաններուն: Ժողովածուն կ՚ընդգրկէ նաեւ մեկենասներուն եւ նամականին կազմողին խօսքերը, նամակագիրներուն կենսագրութիւնը եւ անոնց հրատարակուած գիրքերուն գրեթէ ամբողջական ցանկերը, յիշատակուած անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր եւ շուրջ 1500 ծանօթագրութիւն:

Նամականիի ամբողջ շարքի հրատարակութեան մեկենասներն են Սիրան Սեզայի որդին եւ հարսը՝ Տէր եւ Տիկին Վահագն եւ Անահիտ Քիւփելեանները: 

Ժողովածուները նախատեսուած են գրականագէտներու, սփիւռքի պատմութիւնը եւ Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու պատմութիւնն ուսումնասիրողներու, ինչպէս նաեւ ընթերցող լայն հանրութեան համար: