Մայիս 21-ին, Լոնտոն կատարած այցի շրջանակին մէջ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան այցելած է Բրիտանական թանգարան եւ հանդիպում ունեցած տնօրէնի առժամեայ պաշտօնակատար Մառք Ճոնսի հետ: Կողմերը քննարկած են Սեպտեմբերին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ նախատեսուող «Մայր աստուածութիւն․ Անահիտէն Մարիամ» խորագրով միջազգային միացեալ ցուցահանդէսի կազմակերպման վերաբերող հարցեր:
Նշենք, թէ ցուցահանդէսի ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուին Անահիտ չաստուածուհիի պրոնզէ արձանէն պահպանուած գլուխի ու ձեռքի նմուշները, որոնք Հայաստան պիտի փոխադրուին Սեպտեմբեր 21-ին եւ պիտի մնան մինչեւ 2025 Մարտ ամիսը։
Տիկին Անդրէասեան նոյն օրը այցելած է նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ Ազգային դրադարան, ուր գալ տարի պիտի կազմակերպուի հայ-բրիտանական կապերուն նուիրուած ցուցահանդէս:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։