Նոյեմբեր 9-ին, Պաքուի մէջ կայանալիք COP29-ի նախօրեակին, Լոնտոնի Սուրբ Եղիշէ հայկական եկեղեցւոյ մէջ միանսական աղօթք աղօթք բարձրացուած է առ Աստուած՝ հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու համար։ Եկեղեցական արարողութեան մասնակցած են հգեւոր առաջորդներ, դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Արարողութեան նախագահած է Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան։ Ան իր պատգամին մէջ յիշեցուցած է, թէ մեր հայրենակիցները բանտարկուած են մի՛այն այն պատճառով, որ հայ են: «Աղօթքով մենք անոնց եւ իրենց ընտանիքներու կողքին ենք՝ պահանջելով գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը»,– շեշտած է Սրբազան հայրը։
Արարողութեան աւարտին մասնակիցներուն կողմէ նամակներ յղուած են հայ պատանդներուն՝ ծրարին մէջ ներփակելով համաշխարհային ջրհեղեղի աւարտը խորհրդանաշող ձիթենիի ճիւղեր։
Եկեղեցւոյ մէջ հայ գերիներուն անունով 23 դատարկ նստարաններն ու անոնց համար վառուող մոմերը մեծ ազդեցութիւն գործած են ներկաներուն վրայ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։