ԱՄՆ-ու մէջ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու առաջին Թումօ կեդրոնը պաշտօնապէս կը բացուի Լոս Անճըլըս, այս տարեվերջին։ Նոր կեդրոնը կը գտնուի Հիւսիսային Հոլիվուտ, Universal Studios-ի մօտ:
Արդէն տեղի ունեցած է կեդրոնին հիմնարկէքը։ Ներկայ եղած են Լոս Անճըլըսի քաղաքապետ Քերըն Պաս, քաղաքային խորհուրդի նախագահ Փօլ Կրեկորեան եւ Թումոյի հիմնադիրներ՝ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեան:
Թումոյէն կը տեղեկացնեն, թէ նոր կեդրոնը իր դռները պիտի բանայ 1500 պատանիներու առջեւ, որոնք անվճար պիտի սորվին խաղերու մշակում, կենդանապատկեր ֆիլմերու պատրաստութիւն, գծագրութիւն, երաժշտութիւն, ռոպոթաշինութիւն, 3D ծրագրաւորում եւ այլն։
Շէնքի նախագիծի հեղինակն է Թումոյի հին բարեկամ ճարտարապետ Պերնար Խուրի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։