Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով Լոս Անճըլըս գտնուող իրաւաբան Արման Թաթոյեան, Գորիսի եւ Կապանի քաղաքապետեր՝ Առուշ Առուշանեան եւ Գէորգ Փարսեան, Նոյեմբեր 15-ին հանդիպում ունեցած են Լոս Անճըլըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամներուն հետ:
Այս կապակցութեամբ Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է հետեւեալը.
«Հանդիպումին քարտէսային հաւաստի ապացոյցներով ներկայացուցինք Արցախի դէմ 2023 Սեպտեմբեր 19-20 ազերպայճանական զինեալ յարձակումներու, Արցախահայութեան բռնի տեղահանման ուղղութիւնները: Ազերպայճանի որդեգրած ռազմավարութեան հետեւանքով՝ մարդիկ ստիպած են լքելու Արցախի իրենց պատմական բնակավայրերը: Իսկ Պաքուի ցեղասպան քաղաքականութիւնը՝ անպատիժ մնալու հետեւանք է:
Սիւնիքի Կապան եւ Գորիս քաղաքներու ղեկավարները ներկայացուցին իրենց համայնքներուն մէջ ստեղծուած կացութիւնը, յառաջացած դժուարութիւնները, Ազերպայճանի գործած յանցանքները, մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումները:
Հանդիպումին կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ միատեղ ծրագրերու իրագործման շուրջ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։