Սեպտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Լոս Անճըլըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Փարքըր գաւառին անունով գնահատագիր մը յանձնած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով շրջանը այցելող Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանին, շեշտելով գաւառին եւ Արցախի միջեւ գործակցութիւնը սերտացնելու կարեւորութիւնը։
Փարքըր ցաւով յիշած է, որ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Արցախի վրայ 44-օրեայ պատերազմին երկրորդ տարելիցին, դատապարտելով մեծ թիւով զոհեր խլած ազերպայճանական բարբարոսութիւնները եւ խոստանալով զօրակցիլ Արցախի Հանրապետութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։