Search
Close this search box.

ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ – Հայ դատի ջանքերով Ազերպայճանի հիւպատոսէն խլուած է Լոս Անճըլըս գաւառի գնահատագիրը

Asbarez.am – Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ զօրաշարժի անցած է՝ իմանալով, որ անցեալ շաբաթ, Լոս Անճըլըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդի չորս անդամներուն ստորագրութիւնը կրող գնահատագիր մը յանձնուած է Լոս Անճըլըսի մէջ Ազերպայճանի ընդհանուր հիւպատոս Նասիմի Աղաեւին, «ժողովուրդին մատուցած անոր սպասարկութիւններուն համար»։

Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ վերջին տասնամեակին Աղաեւ հիւպատոսարանը վերածած է հայատեացութեան եւ սուտեր տարածելու կեդրոնի մը՝ Հայ դատը անընդունելի նկատեց այս քայլը եւ անմիջապէս դիմեց խնդրոյ առարկայ վերահսկիչներուն՝ այս սխալը սրբագրելու համար։ Միաժամանակ, հազարաւոր հայորդիներ համացանցի ընկերային ցանցերու միջոցաւ դատապարտեցին այս քայլը, որու հետեւանքով, վերահսկիչներ Քեթրին Պարկըր, Հիլտա Սոլիս, Ճենիս Հան եւ Հալի Միչըլ յայտարարեցին, թէ գնահատագիրը «սխալմամբ» Աղաեւին շնորհուած է եւ թէ իրենք անոր մասին ո՛չ մէկ տեղեկութիւն ունեցած են։

Աւելի ուշ, Սեպտեմբեր 6-ին, Լոս Անճըլըս գաւառի դիւանակալութեան գրասենակը իր պաշտօնական կայքին վրայ ներողութիւն յայտնեց գնահատագրին ստեղծած շփոթին համար, ընդունելով որ՝ ստորագրութիւնները սխալմամբ աւելցուած էին անոր վրայ, որուն հետեւանքով, գնահատագիրը պէտք է անվաւեր նկատել։ Գրասենեակը նաեւ պահանջեց, որ գնահատագրին նկարները վերցուին համացանցէն։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան ողջունեց գնահատագիրը անվաւեր նկատելու քայլը եւ զայն մերժելու՝ վերահսկիչներուն յայտարարութիւնը, որ իրականացաւ շնորհիւ համայնքի միացեալ ջանքերուն։