Search
Close this search box.

ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ – «Մարդկային իրաւանց ախոյեան» հեղինակաւոր մրցանակը՝ Ռուբէն Վարդանեանին

ԱՄՆ-ու Հայ դատի յանձնախումբը մեծարած է Հայ դատի ջատագովները

ԱՄՆ-ու մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-էն կը տեղեկանանք, թէ Հոկտեմբեր 20-ին, առաւել քան 700 պաշտօնատարներ, հիւրեր եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ներկայ եղած են «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան  ձեռնարկին, որ առիթ հանդիսացած է լուսարձակի տակ առնելու Յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնն ու իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատներն ու հաստատութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։ 

Նաեւ լուսարձակի տակ առնուուած է Արցախի հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու կենսական կարեւորութիւնը։

Երեկոյթին ամէնէն զգայնացունց պահը եղած է ներկայիս Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի հանդէպ մեծարանքը՝ «Մարդկային իրաւանց ախոյեան» հեղինակաւոր մրցանակով։ 

Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերը ամրապնդելու եւ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով տարած իր գործունէութեան համար մեծարուած Վարդանեանի զաւակը՝ Դաւիթը, պատգամ մը յղած է երեկոյթի մասնակիցներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։