Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու Լոս Անճըլըսի թուրք համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական ու հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններուն առնչուող գործընթացներուն,– կը հաղորդէ ermenihaber։
Թուրք նախարարը կրկին անգամ շեշտած է, որ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան մթնոլորտ ստեղծուած է, պնդելով որ՝ մնայուն խաղաղութեան համար Հայաստան ու Ազերպայճան պէտք է յատկապէս ստորագրեն Ազերպայճանի առաջարկած համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը:
Ան ակնարկած է նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին՝ ըսելով.– “Այժմ արդէն հիւսիսային միջանցքը դադրած է արեւելք-արեւմուտք առեւտուրի մէջ այլընտրանքային միջանցք ըլլալէ: Հիմա պէտք է քննարկել միջին միջանցքը՝ Ազերպայճան, Թուրքիա, Վրաստան, եթէ Հայաստան ալ այս նախագիծերը իրականացնէ, ինք ալ կ՚ընդգրկուի մեր ցանկին մէջ”:
Ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացին՝ Չաւուշօղլու մասնաւորապէս նշած է.– “Մենք ալ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակած ենք: Ըսինք՝ Վիեննան ու Մոսկուան մէկ կողմ ձգենք, Հայաստանի մէջ հանդիպինք, որոշ ժեսթ ըրինք՝ մեր օդային տարածքը բացինք, ուղղակի թռիչքները սկսան, օդային փոխադրումները, առեւտուրն ալ պիտի սկսին:
Հետեւաբար մենք որոշ քայլեր առած ենք, բայց Հայաստան իր վրայ եղած ճնշումներուն պատճառով տակաւին չի կրնար մեր ուզած համարձակ քայլերը առնել”։
Աւարտին, թուրք նախարարը մեղադրած է ԱՄՆ-ու հայկական սփիւռքի որոշ շրջանակները, որոնք, իր կարծիքով, դէմ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։