Search
Close this search box.

Լուիս Մորենօ Օքամփօ. «Անընդունելի է, որ COP29-ը Պաքուի մէջ տեղի ունենայ քանի դեռ հայ գերիները բանտարկուած կը մնան»

 

Միջազ­գա­յին քրէական ատեանի նախ­կին դա­տախազ Լուիս Մո­րենօ Օքամ­փօ «Ար­մէնփրէս»-ին տուած հար­ցազրոյ­ցին անդրա­դար­ձած է իր նա­խաձեռ­նութեան, որ աշ­խարհի հա­յերուն կոչ կը յղէ հա­մախմբուելու եւ լրաս­փիւռա­յին ար­շաւ սկսե­լու 2024 Նո­յեմ­բե­րին Պա­քուի մէջ կա­յանա­լիք ՄԱԿ-ի կլի­մայի փո­փոխու­թեան 29-րդ հա­մաժո­ղովին (COP29) դէմ` Ազեր­պայճա­նի մէջ բան­տարկուած հայ գե­րինե­րը ազատ ար­ձա­կելու պա­հան­ջով ու նպա­տակով։ 

Ան նշած է, թէ Ազեր­պայճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ կը փոր­ձէ COP29-ով բարձրաց­նել իր երկրին հե­ղինա­կու­թիւնը։ “Տա­րօրի­նակ է, որ Ալիեւ կը փոր­ձէ զայն ներ­կա­յաց­նել իբ­րեւ խա­ղաղու­թեան հա­մաժո­ղով, երբ այ­սօր Պա­քուի բան­տե­րուն մէջ հայ գե­րիներ կը պա­հուին, նե­րառեալ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի նախ­կին ռազ­մա­քաղա­քական ղե­կավա­րու­թիւնը”,– ըսած է Օքամ­փօ։ 

Գե­րինե­րը ձեր­բա­կալե­լը ու­ղերձ էր Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի հա­յերուն՝ «եթէ վե­րադառ­նաք Լեռ­նա­յին Ղա­րաբաղ, կը տու­ժէք, կը բան­տարկուիք կամ ձեզ կը սպա­նենք»։ Ու­շագրա­ւը այն է, որ աշ­խարհա­քաղա­քական նկա­տառումնե­րէ մեկ­նե­լով՝ Ազեր­պայճան կը յա­ջողի Եւ­րո­պան եւ ԱՄՆ-ն ետ պա­հել որե­ւէ բան ըսե­լէ։ Պե­տու­թիւննե­րը լուռ կը մնան, յե­տոյ կը փոր­ձեն մոռ­նալ”,– շեշ­տած է նախ­կին ընդհա­նուր դա­տախա­զը: 

Մատ­նանշե­լով, թէ Ազեր­պայճան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծած է Ար­ցա­խի մէջ, Օքամ­փօ յայտնած է, թէ «Լա­չինի մի­ջանցքը միակ ճամ­բան էր, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի ժո­ղովուրդը կը կա­պէր աշ­խարհի հետ եւ զայն շրջա­փակե­լով՝ Ազեր­պայճան բնակ­չութիւ­նը մե­կու­սա­ցուց եւ ստի­պեց իրեն են­թարկուելու, իսկ մինչ այդ ալ Պա­քու բազ­միցս ըսած էր, որ կը պատ­րաստուի ոչնչաց­նել անոնց։ Այս բո­լորէն յստակ կը դառ­նայ որ եղա­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր, նկա­տի ու­նե­նալով, որ մար­դոց բռնի տե­ղահա­նու­թիւնն ալ ցե­ղաս­պա­նու­թեան տե­սակ մըն է եւ այդ իրա­ւաբա­նօրէն սահ­մա­նուած է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մաձայ­նագրով»։ 

Օքամ­փո­յի կար­ծի­քով՝ տե­ղի ու­նե­ցածին մա­սին պէտք է ան­դա­դար ձայն բարձրաց­նել ու գոր­ծել, ոչ թէ լռու­թիւն պահ­պա­նել։ “Այս ուղղու­թեամբ հիմ­նա­կան դե­րակա­տարը Հա­յաս­տանն է եւ առա­ջին հեր­թին Սփիւռքի հա­յու­թիւնը”,– ընդգծած է ան աւելցնե­լով, թէ իրեն հա­մար մեծ պա­տիւ է, որ որեւէ բա­նով կրնայ օգ­նել հա­յերուն՝ աշ­խարհի մէջ տի­րող այս ճգնա­ժամա­յին կա­ցու­թեան մէջ։ “Մենք կ՚ու­զենք օգ­տա­գոր­ծել ըն­կե­րային ցան­ցե­րու կա­րելիու­թիւննե­րը մեր նպա­տակին հաս­նե­լու հա­մար”,– ըսած է ան։

(…)

“Մենք չենք կրնար լքել Պա­քուի բան­տե­րուն մէջ պա­հուող հայ գե­րինե­րը եւ պէտք է պաշտպա­նենք զանոնք։ COP29-էն յե­տոյ, եթէ Ալիեւ յա­ջողի կեան­քի կո­չել խա­ղաղա­սէր երեւնա­լու իր ծրա­գիրը, այդ մար­դիկը փրկե­լու հնա­րաւու­թիւն կրնայ չըլ­լալ։ Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ COP29-ը Պա­քուի մէջ տե­ղի ու­նե­նայ քա­նի դեռ 23 հայ գե­րինե­րը բան­տարկուած կը մնան”,– նշած է Օքամ­փօ՝ շեշ­տե­լով, թէ ակնյայտ է, որ բռնա­պետա­կան Ազեր­պայճա­նի մէջ չկայ ան­կախ դա­տական հա­մակարգ, հե­տեւա­բար դժուար է հա­ւատալ, որ ոեւէ դա­տաւոր հայ գե­րինե­րու նկատ­մամբ կրնայ ար­դար վճիռ կա­յաց­նել եւ ազատ ար­ձա­կել զա­նոնք։ 

Նախ­կին դա­տախա­զը ընդգծած է թէ «Պա­քուի մէջ բան­տարկուած հա­յերը ոչ թէ ռազ­մա­գերի­ներ են, այլ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հեր, որոնք ձեր­բա­կալուած են երբ կ՚ու­զէին դուրս ել­լել Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղէն, իսկ Ազեր­պայճա­նի մէջ անոնք կ՚ամ­բաստա­նուին ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծութիւններ կա­տարած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րանքով։ Բայց այս ամէ­նը ան­հե­թեթ դա­տական ըն­թա­ցակար­գեր են, որոնք նոյ­նիսկ քննարկման ար­ժա­նի չեն, քա­նի որ Ազեր­պայճա­նի մէջ ան­կախ դա­տաւոր­ներ չկան»։ 

Ան եզ­րա­փակած է ըսե­լով. “Մեր ու­ղերձն է՝ եր­բեք չյանձնուիլ: Այն պա­հին, երբ կը յանձնուիս, կը պար­տուիս: Չեմ գի­տեր ուր կը հաս­նինք, բայց այն ինչ որ կ՚ընենք ար­ժա­նի աշ­խա­տանք է”։ ■