2024 Հոկտեմբեր 2-ին Վատիկանի մէջ, Փրանկիսկոս քահանայապետի նախագահութեամբ բացուած է Կաթոլիկ եպիսկոպոսներու սինոդոսի 16-րդ յաջորդական ընդհանուր ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր 26։
Այս պատմական ժողովը, որ յայտնի է իբրեւ «Ժողովականութեան սինոդոս», շուրջ 400 մասնակիցներ համախմբած է՝ եպիսկոպոսներ, տարբեր եկեղեցականներ, քահանաներ, ինչպէս նաեւ աշխարհականներ, որպէսզի քննարկեն, թէ եկեղեցին ինչպէ՛ս կրնայ դառնալ աւելի ներառական եւ մասնակցային իր առաքելութեան եւ կառավարման հարցերուն մէջ։
Սինոդոսը նպատակ ունի ուսումնասիրելու, թէ Կաթոլիկ եկեղեցին ինչպէս կրնայ աւելի ամբողջական կերպով մարմնաւորել ժողովականութեան (սինոդոսականութեան)՝ «միասին քալելու» ոգին՝ խթանելով խոր գործակցութիւն բոլոր անդամներու միջեւ։ Հռոմի Պապը ընդգծած է եկեղեցականներու կողքին՝ աշխարհականներու եւ լուսանցքային հասարակական խումբերու ձայնը լսելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան նշած է, որ այս գործընթացի նպատակն է ոչ թէ անհատական օրակարգերը առաջ մղել, այլ՝ միասնաբար որոշել, որ Եկեղեցին իր առաքելութեան ընթացքին ինչպէ՛ս կրնայ լաւագոյնս ծառայել աշխարհին։
Ըստ Փրանկիսկոս քահանայապետի տեսլականին, սինոդոսական Եկեղեցւոյ համար անհրաժեշտ է եպիսկոպոսներու եւ աշխարհականներու միջեւ առաւել մեծ համագործակցութիւն, հիմք ընդունելով Վատիկանի Բ․ ժողովի ուսմունքները եւ արձագանգելով ժամանակակից մարտահրաւէրներուն։
Այս սինոդոսին աշխարհական ներկայացուցիչներու, յատկապէս կիներու մասնակցութիւնը դէպի յառաջ կարեւոր քայլ մըն է, որ կը նպաստէ Եկեղեցւոյ ներսը աւելի ներառական որոշումներու կայացման։
– Հզօրացնել աշխարհականներու դերը Եկեղեցւոյ կառավարման եւ որոշումներու կայացման ընթացքին:
– Առերեսիլ կղերապաշտութեան՝ խթանելով առաջնորդութեան աւելի խոնարհ եւ ծառայութեան նուիրուած տիպարը:
– Կիներու դերը Եկեղեցւոյ մէջ, կեդրոնանալով անոնց առաջնորդական դերի ընդլայնման վրայ:
– Միսիոնարական յանձնառութիւն՝ քննարկելով, թէ Եկեղեցին ինչպէս կրնայ առաւել աջակցիլ լուսանցքային գօտիի մէջ գտնուող համայնքներուն եւ դառնալ արդարութեան եւ հաշտութեան ձայնը:
– Սինոդոսը միայն խորհրդածութեան պահ չէ, այլեւ նպատակ ունի հարթել ճշգրիտ քայլեր դէպի աւելի ներառական, սինոդոսական եւ իր առաքելութեամբ ուղղորդուող Եկեղեցի:
Յատկանշական է, որ այս սինոդոսին կը մասնակցին նաեւ փոքր թիւով տարբեր քրիստոնէական յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները, ինչ որ կը յատկանշէ անոր միջեկեղեցական բնոյթը: Անոնց շարքին է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան․ Սրբազանը կը մասնակցի նիստերուն որպէս «Եղբայրական պատգամաւոր» Գարեգին Բ․ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի կողմէ:
Սրբազանին ներկայութիւնը կը վկայէ միջեկեղեցական համագործակցութեան եղբայրական ոգիի մասին՝ ընդգծելով քրիստոնէական համայնքներու միջեւ միասնականութեան եւ գործակցութեան կարեւորութիւնը ընդհանուր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար:
Սինոդոսի ժողովի բացման նստաշրջանի ընթացքին Խաժակ արք. Պարսամեան կարելիութիւնն ունեցած է Սրբազան քահանայապետին հաղորդելու Գարեգին Բ․ վեհափառի ողջոյններն ու լաւագոյն մաղթանքները:
Ակնյայտ է, որ շուրջ մէկ ամիս շարունակուող Սինոդոսը կենսարար գործընթաց է Եկեղեցւոյ նորոգման ճանապարհին: Այս ժողովի քննարկումներն ու անդրադարձները պիտի ձեւաւորեն Եկեղեցւոյ կառավարման, հովուական առաջնահերթութիւններու եւ միսիոնարական յանձնառութեան ապագան: Սինոդոսի աւարտէն ետք սպասուող վերջնական զեկոյցը պիտի օգնէ Եկեղեցւոյ՝ իրականացնելու աւելի սինոդոսական կառավարման եւ ներգրաւման ձեւեր բոլոր մակարդակներով:
Սինոդոսի աշխատանքները, որոնք պիտի շարունակուին նաեւ 2025-ին, նպատակ ունին տեւական ներդրում ունենալու Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ՝ խթանելով միասնութիւն, մասնակցութիւն եւ հաղորդակցութիւն հետզհետէ աւելի բարդ ու պառակտուած աշխարհի մը մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։