Ռուս խաղաղապահները մերժած են Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման ժողովրդական շարժումի` Հակարիի կամուրջ հանրակառքերով երթին ուղեկցելու դիմումը։ Լուրը կը հաղորդէ Շարժումի անդամ Արթուր Օսիպեան՝ Դիմագիրքի իր էջին հրապարակելով խաղաղապահ զօրախումբի փոխհրամանատար Սազոնովի պատասխանը, թէ «Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը չի նախատեսեր հանրակառքերով երթերու ուղեկցութիւն, ինչպէս նաեւ տարբեր ցոյցերու եւ հանրահաւաքներու ապահովութեան երաշխաւորում…»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։