Search
Close this search box.

«Խաղաղութեան դարաշրջան»՝ ազերպայճանական ձեւով

 

Բերձորի մէջ կը զետեղուի հայերը «վախցնող» յուշարձան

Օգոստոս 25-ին Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած Բերձորի (Լաչին) մէջ Հայերը «վախցնող» յուշարձան կը զետեղուէր։

Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ «Երկաթէ բռունցք» յուշարձանը հասած է քաղաք։ Ան պիտի զետեղուէր Բերձորի կեդրոնը։

«Երկաթէ բռունցք»-ը Ազերպայճանի գլխաւոր գործողութիւններէն մէկն էր՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ 44-օրեայ պատերազմին։

Ձեւականօրէն Ազերպայճան կ՚աջակցի Հայաստանի հետ բարեկամանալու նախաձեռնութեանց, իսկ իրականութեան մէջ կը շարունակէ գրգռութիւններն ու իր յարձակողական գործողութիւնները։