Ժողովուրդներու եւ պետութիւններու միջեւ հակամարտութիւնները եթէ լաւ ուսումնասիրուին՝ բոլո՛րն ալ ունին տնտեսական դրդապատճառներ։ Հայաստանի հակամարտութիւնը Ազերպայճանի հետ, ունի տնտեսական շատ կարեւոր գործօն։ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին Ռուսաստանի միջնորդած հրադադարի 9-րդ կէտը առանձնապէս կը վերաբերէր տնտեսական երթուղիներուն՝ երկաթուղային, ցամաքային եւ այլ… հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք։ Ռուսաստան չյաջողեցաւ պարտադրել իր ծրագիրը, պարզապէս որովհետեւ ուքրաինական պատերազմը չընթացաւ իր նախատեսածին համաձայն։ Իսկ Ազերպայճան եւ Թուրքիա օգտուելով Հայաստանի ռազմական տկարութենէն, ուզեցին անոր պարտադրել Սիւնիքի միջանցքը։
Հայաստան անցեալ տարի 12 տոկոսէն աւելի տնտեսական աճ արձանագրեց շնորհիւ Ռուսաստանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) հետ առեւտուրի շրջանառութեան աճին, այս տարի ալ կանխատեսումները 50 տոկոսի շուրջ են։ Ուքրաինայի հետ պատերազմի պատճառով Ռուսաստանի դէմ Արեւմուտքի կիրարկած պատիժները շեշտեցին Ռուսաստանի կախեալութիւնը ԵԱՏՄ-ի եւ այլ բարեկամ երկիրներու հետ առեւտուրէն, որոնց կարգին Հայաստան, որ իբրեւ ԵԱՏՄ-ի անդամ, կարեւոր դեր կը խաղայ։
Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ որքան որ տնտեսական ու առեւտրային յարաբերութիւնները յառաջընթաց արձանագրեցին, նո՛յնքան ալ յետադիմեց ռազմական փոխօգնութեան դաշինքը, այն աստիճան որ ՀԱՊԿ-ն ու Ռուսաստան բոլորովին անտեսեցին Հայաստանի օգնութեան կոչերը, երբ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը յարձակումի ենթարկուեցաւ, նոյնպէս Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրքերը չպաշտպանեցին հայ բնակչութիւնը ազերական յարձակումներուն ու շրջափակումին դէմ։
Այս դէպքերուն առընթեր, Հայաստան նուազեցուց Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ կազմաւորուած հաւաքական կառոյցներուն իր մասնակցութիւնը։ Ռուսաստան փորձեց զանազան քարոզչական ու լրատուական միջոցներով արդարացնել ինքզինք, բայց Հայաստան չընդունեց ու փնտռեց այլընտրանքներ, ռազմավարական նոր գործընկերներ։ Դիմեց Արեւմուտքի օգնութեան, զէնքեր գնեց Հնդկաստանէն ու Ֆրանսայէն։ Սակայն, որքան ալ փորձէ Ռուսաստանի ազդեցութենէն խոյս տալ, Հայաստանի տնտեսութեան կախեալութիւնը ռուսականէն, կը ստիպէ որ ան կայուն կապեր պահպանէ եւ գործակցութեան երաշխիքներ տայ, չենթարկուելու համար ռուսական պատիժներուն։ Որովհետեւ վերջին հաշուով Ռուսաստանի հետ տնտեսական աճին շնորհիւ է որ Հայաստան ի վիճակի է նոր զէնքեր գնելու եւ երկրի կենսամակարդակը բարձրացնելու։
Այս դիտանկիւնէն նայած, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը որ վարչապետ Փաշինեան հրապարակ հանեց Հոկտեմբեր 26-ին Թիֆլիսի մէջ «Մետաքսի ճանապարհ»-ի համաժողովի ընթացքին,– որուն կը մասնակցէին Ազերպայճանի եւ Վրաստանի վարչապետեր՝ Ալի Ասատով եւ Զուրաբ Ղարիպաշվիլի,– Հայաստանի կառավարութեան կողմէ կարեւոր ծրագիր մըն է որ կ՚իւրացնէ Ռուսաստանի տեսլականը, Հայաստանի ռազմավարական շահերը պաշտպանելով, ինքնիշխանութիւնը ամրապնդելով, զարկ կու տայ երկրին տնտեսական զարգացումին՝ տարածաշրջանի եւ միջազգային տնտեսութեան համարկումով։
Սակայն «Մետաքսի ճանապարհ»-ը որ Հայաստան կ՚ուզէ կառուցել, Ազերպայճան արդէն 10 տարիէ ի վեր կառուցած է. ան Իրանը կը կապէ Ռուսաստանին եւ Վրաստանին։ Ցաւալի է տեսնել որ անկախութենէն 32 տարի ետք, Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով իր ռազմավարական շահերը կը փորձէ համապատասխանեցնել տարածաշրջանի երկիրներու եւ մեծ տէրութիւններու ռազմավարական շահերուն։ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը անկախութեան առաջին օրէն կարելի էր մտածել ու ծրագրել։ Եթէ նոյնիսկ արեւելք-արեւուտք երթուղիին իրագործումը անկարելի էր Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հետ թշնամական յարաբերութիւններուն պատճառով, ի՞նչն էր որ կ՚արգիլէր հիւսիս-հարաւ 600 քիլոմեթր երկարութեամբ մայրուղիին շինութիւնը։ Միայն կաշառակերութեամբ ու գողութեամբ չի բացատրուիր Հայաստանի ու Արցախի պետական դէմքերու կուրութիւնը։ Վերջապէս դրացի երկիրներու ղեկավարներու մէջ ալ չեն պակսիր այդ մեղքերը։ Անկասկած թշնամին թերագնահատելու եւ երկրի անվտանգութիւնը երրորդ երկրի վստահելու մէջ պէտք է փնտռել գլխաւոր պատճառը։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։