Search
Close this search box.

Խորհրդակցութիւն՝ Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան զարգացման ուղղուած զանազան ծրագրերու շուրջ

 

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեան Հոկտեմբեր 24-ին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսախօսութեան համալսարանական գործակալութեան Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածաշրջանային գրասենեակի նորանշանակ տնօրէնուհի Լոռ Քասթենի հետ:

Ընդգծելով ֆրանսախօսութեան շրջանակին մէջ համագործակցութեան զարգացումը՝ նախարարը նշած է, թէ վերջին տարիներուն աշխուժացած են երկկողմ ծրագրերն ու նոր նախաձեռնութիւնները, որոնց յատկապէս նպաստած է նաեւ աշխատանքային խումբը, որ ստեղծուած է կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով։

Տիկին Անդրէասեան անդրադարձած է նաեւ հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ֆրանսերէնի ուսուցման ուղղուած ծրագրերուն, որոնք կ՚իրականացուին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան հետ:

Նախարարը շեշտած է «Ֆրանսերէնի խթանումը Հայաստանի մէջ» փորձնական նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը, որու նպատակն է ստեղծել ֆրանսերէնի ուսուցիչները վերապատրաստողներու խումբ մը: Նշուած է, թէ Հայաստանի վեց համալսարաններ Ֆրանսախօսութեան համալսարանական գործակալութեան (ՖՀԳ/AUF) անդամ են:

Լոռ Քասթեն նշեալ առաջարկները քննարկելու եւ այդ ուղղութեամբ միատեղ աշխատելու պատրաստակամութիւն յայտնած է։

Կողմերը քննարկած են նաեւ մարզերու երիտասարդական կեդրոններու մէջ ֆրանսերէնի զարգացման ուղղուած ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւնը։

Խմբագրական