Խուճապի մթնոլորտ ստեղծելու սպառնալիք

 

Օգոստոս 14-ին «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին պայթումը ցնցեց հայկական աշխարհը։ Ցաւակցական հեռագրեր եկան բազմաթիւ երկիրներէ։ Կառավարութեան որոշումով Օգոստոս 17-18-ը յայտարարուեցան սգոյ օրեր։

Ինչպէս ասկէ երկու տարի առաջ Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումը, որուն շտեմարաններուն մէջ գտնուող պայթուցիկ նիւթի բռնկումը մարդկային բազմաթիւ կեանքեր խլեց, քաղաքական տագնապը խորացուց, հոգեպէս ընկճեց լիբանանցի ժողովուրդը եւ տնտեսական մեծ վնասներ պատճառեց, «Սուրմալու»-ի պայթումը նոյնպէս մեծ ցնցում է Հայերուն համար։ Թէեւ ան Պէյրութի պայթումին ծաւալները չունի, բայց եւ այնպէս, դէպքը պատահեցաւ Հայութեան համար շատ դժուար ու տագնապալի ժամանակաշրջանի մը, երբ հասարակութեան քաղաքական հայեացքները բեւեռացած են, երբ Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ տեղահանութեան սպառնալիքը, երբ անորոշութիւնը ծաւալած է Հայաստանը Արցախին կապող նոր միջանցքին շուրջ, ու ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան թերացումին պատճառով՝ Արցախի անվտանգութեան շուրջ մտահոգութիւններ կան եւ մասամբ նորին…

Տակաւին չէ գնահատուած պայթումին պատճառած վնասներուն ծաւալը, ո՛չ ալ աւարտած են գլխաւոր պատճառներուն հետաքննութիւնն ու պատասխանատուներուն հարցաքըննութիւնը։ Երկու օր տեւած են աւերակներուն մէջ ողջ մնացած մարդոց որոնումները, դիակներու փնտռտուքը, իսկ հրդեհը մարելու աշխատանքները դեռ կը շարունակուէին մինչեւ Չորեքշաբթի։

Առեւտրական նման կարեւոր կեդրոնի փլուզումը բազմաթիւ հարցեր կը ստեղծէ։ Առաջին մակարդակին քրէական պատասխանատւութեան հարցը՝ մահացած քաղաքացիներուն հանդէպ եւ այնտեղ գտնուող գործարարներուն, յաճախորդներուն, վաճառորդներուն, այցելուներուն հանդէպ,– որոնք մարմնական եւ տնտեսական վնասներ կրած են,– անոնց արդար հատուցումներ կատարելու խնդիրը։

Երկրորդ հարցը պայթումին քաղաքական հետեւանքներն են, անոր շահագործումը ներքին եւ արտաքին քաղաքական տարբեր ուժերու կողմէ։ Առաջին անգամ է այսքան մեծ մասշտաբի պայթումի ականատես կ՚ըլլայ Երեւանը, որ զբօսաշրջիկներու համար խաղաղ ու բոլորովին անվտանգ քաղաքի մը համբաւը կը վայելէ։ Կը շրջին այնքա՜ն անհիմն դրդապատճառներ, դաւադրական անտեղի տեսութիւններ, որոնք աւելի ապառողջ կը դարձնեն առանց անոր ալ հասարակութեան արդէն բեւեռացած մթնոլորտը։

«Սուրմալու»-ի պայթումը պատահեցաւ այնպիսի ժամանակի մը, երբ քանի մը շաբաթ է՝ Երեւանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարբեր վայրերու, ինչպէս՝ մեթրոյին, օդակայանին եւ պետական շէնքերու մէջ ռումբի անհիմն ահազանգներ կը հնչեն, որոնց համար ոստիկանութիւնը եւ անվտանգութեան ծառայութիւնները յաճախ ստիպուած կ՚ըլլան կատարել ապահովութեան ստուգումներ՝ պատճառ դառնալով տուեալ կառոյցի գործունէութեան կասեցման, ինչ որ մեծ դժգոհութիւն կը յառաջացնէ հանրութեան եւ օգտատէրերուն մէջ։

Կարգ մը մութ ուժերու կողմէ քաղաքացիներուն մէջ խուճապի մթնոլորտ ստեղծելու յստակ մտադրութիւն կայ, որուն առաջքը պէտք է առնել։ Նախնական տուեալներով՝ «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնի պայթումին պատճառը հրավարութեան համար պայթուցիկ նիւթերու պահեստին մէջ ծագած հրդեհն է։ Սակայն, նոյնիսկ եթէ այդ վարկածը ճիշդ ըլլայ,– որ պատահարը ուղղակի ահաբեկչական ծրագիր մը չէր,– կրնայ ըլլալ որ հրդեհը դիտաւորեալ ըլլայ։

Ռուսաստանի դեսպանութիւնը հակազդած էր կարգ մը լրասփիւռներու՝ պայթումը Ռուսաստանի գաղտնի գործակալներուն վերագրելուն։

Խուսափելու համար անտեղի ամբաստանութիւններէ, իրաւական համակարգը պէտք է արդար հարցաքննութիւն կատարէ եւ կառավարութիւնը յստակօրէն վերանայի տօնական հրավառութեանց պայթուցիկ նիւթերու պահեստաւորման եւ վաճառքի օրէնքները, առեւտրական կեդրոններու ապահովութեան կանոններու պահպանումը եւ տեւական ստուգումը, ապահովագրական ընկերութիւններու հետ պայմանագրերու սահմանումը։

Ժ.Չ. ■