Search
Close this search box.

Խումբ մը եւրոերեսփոխաններ միացեալ յայտարարութեամբ դատապարտած են Պաքուի եւ Մոսկուայի՝ ֆրանքեւհայկական ռազմական համագործակցութիւնը քննադատող կեցուածքը

Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւններէ խումբ մը երեսփոխաններ հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, ուր կը դատապարտեն ֆրանքեւհայկական ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ Պաքուի եւ Մոսկուայի քննադատութիւնները, բացասական արձագանգն ու սպառնալիքները։ 

Յայտարարութեան մէջ երեսփոխանները ընդգծած են, որ « մարտունակ եւ ժամանակակից զէնքերով սպառազինուած բանակ ունենալը որեւէ երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է»։ 

Անոնք նաեւ նշած են, որ «Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի վարչակարգերուն Հայաստանի հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքները, թէ [Ֆրանսայէն զէնք գնելով] վերջինս Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւն կը հրահրէ, անգամ մը եւս կ՚ապացուցեն, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ է թաքուն համաձայնութիւն մը, որ դեռ 2023 Սեպտեմբերին յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղի աւելի քան 140 հազար հայերու ցեղային զտման»։ 

Եւրոերեսփոխանները զարմանք կը յայտնեն, որ Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի նման մենատիրական եւ յարձակողապաշտ երկիրներ կը դատապարտեն Եւրոպական Միութեան անդամ Ֆրանսան, որ իբրեւ թէ «կը ձգտի որպէս գործիք օգտագործել երկիրներու ներքին կամ երկիրներու միջեւ տարակարծութիւնները, հակասութիւնները՝ իր պատեհապաշտ նպատակներուն հասնելու նպատակով»: 

«Սա բացարձակապէս անընդունելի է  Եւրոպական Միութեան համար. ժամանակը շատոնց հասած ու անցած է պատիժներ սահմանելու բռնապետական Ալիեւի վարչակարգին դէմ՝ տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը խաթարող անոր ապակառուցողական գործողութիւններուն եւ մարդկային իրաւանց ոտնահարման պատճառով: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Պաքուի եւ Մոսկուայի պաշտօնական յայտարարութիւնները եւ կոչ կ՚ընենք Եւրոպական յանձնաժողովին ու Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան՝ անյապաղ արձագանգելու այս իրավիճակին»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։ 

Միացեալ յայտարարութիւնը ստորագրած են. 

Ֆրանսայէն՝ Ֆրանսուա-Զավիէ Պելամի (PPE), Նաթալի Լուազօ (Renew), Ռաֆայէլ Կլիւքսման (S&D), Սելին Իմար (PPE), Քրիսթոֆ Կոմար (PPE), Լոռան Գասթիյօ (PPE),

Նետերլանտներէն՝ Պերթ-Եան Ռաուսեն (ECR),

Շուէտէն՝ Չառլի Վեյմերս (ECR),

Սլովաքիայէն՝ Միրիամ Լեքսման (PPE), 

Լիթուանիայէն՝ Անտրիուս Քուպիլիուս (PPE), Ռասա Եուկնեվիչիենէ (PPE), Փեթրաս Աուսթրեվիչիուս (Renew), 

Չեխիայէն՝ Մարքեթա Կրեկորովա (Կանաչներ-ALE),

Կիպրոսէն՝ Լուքաս Ֆուրլաս (PPE), Գոսթաս Մավրիտես (S&D)։ 

***

PPE = Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն՝ կեդրոն-աջ,

Renew = դեմոկրատներ եւ ազատականներ,

S&D = Ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարականներու յառաջդիմական դաշինք,

ECR = Պահպանողականներու եւ բարենորոգողներու խմբակցութիւն («ՆՅ» – Որքան ալ հակասական թուի)։