Լուսանկարի փոքրիկը Արեւիկն է, որ իր ծնունդով նոր յոյսի շողով լեցուցած է ընտանիքը։
Անոր 42-ամեայ մայրն ու 20-ամեայ քոյրը դժուար ու ցաւոտ ճանապարհ անցած են։ Ուժեղ եւ հզօր հայ կնոջ իսկական տիպարներ են անոնք։
Արեւիկի եղբայրը՝ Աշոտ Սարգսեան, 44-օրեայ պատերազմին մասնակցած է եւ մինչ օրս կը համարուի անհետացած։ Իսկ հայրը, փոքրիկին լոյս աշխարհ գալէն քանի մը ամիս առաջ մահացած է։
Փոքրիկը ծնած է «Շէնգաւիթ» բժշկական կեդրոնին մէջ։ Մանկաբարձ-կնախտաբանին վկայութեամբ, որ հետեւած է յղութեան շրջանին ալ, Արեւիկի մայրը երբեք չէ պատմած իր մեծ ու խոր վշտին մասին. իրենք տեղեկացած են հարազատներէն։
Արեւիկն ու մայրիկը արդէն տունն են` առողջ եւ պատրաստ՝ նոր կեանք սկսելու։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։