Search
Close this search box.

Ծննդեան 100-ամեակին առթիւ – Պէտք է «ազատագրենք» Զահրատը (*)

Զահրատ եւ Սեւան Տէյիրմէնճեան

Գրեց՝ Սեւան ՏԷյիրմէնճեան

Ակնարկ մը բա­ւարար պի­տի չըլ­լայ հար­կաւ գծե­լու Զահ­րա­տի ամ­բողջա­կան դի­մագիծ մը, սա­կայն տար­բեր վկա­յու­թիւններ, որոնք պի­տի լսուին յո­բելինական տա­րուան ըն­թացքին, միաս­նա­բար ան­պայման ու­րուագ­ծա­յին դի­ման­կար մը պի­տի բե­րեն մեր աչ­քե­րուն, մա­նաւանդ երբ քեր­թո­ղին ժա­մանա­կակիցն ըլ­լա­լու առա­ւելու­թիւնն ալ ու­նինք՝ նոր սե­րունդի հա­մեմա­տու­թեամբ։ Այս տո­ղերը պի­տի փոր­ձեմ չխճո­ղել գրա­դատա­կան վեր­լուծումնե­րով կամ Զահ­րա­տի բա­նաս­տեղծու­թեան խոր­քա­յին քննու­թեամբ, այլ վրձի­նի մէկ-եր­կու հա­րուա­ծով պի­տի ջա­նամ վկա­յաբա­նու­թիւն մը շա­րադ­րել Զահ­րա­տի կամ իր ստեղ­ծա­գոր­ծութեան մա­սին։ Այ­լա­պէս, բա­ւական ըսե­լիք­ներ ու­նինք իր քեր­թո­ղու­թեան մա­սին, օրի­նակ՝ իր բա­նաս­տեղծու­թեան ակունքնե­րուն վե­րաբե­րեալ։

Զահ­րա­տեան ար­տադրան­քի արեւմտա­հայ, յատ­կա­պէս յե­տեղեռ­նեան բա­նաս­տեղծա­կան աւան­դու­թեան, ի մաս­նա­ւորի Սիաման­թո­յի կամ Զա­րիֆեանի առնչու­թիւննե­րը նոր հո­րիզոն­նե­րու առ­ջեւ կրնան դնել մեզ։ Աւե­լին՝ Կար­պիս Ճան­ճի­կեանի ու թրքա­կան բա­նաս­տեղծու­թեան նո­րարար շար­ժումնե­րուն ազ­դե­ցու­թիւնը, զուտ պա­տահա­կան իսկ ըլ­լան, հա­մաժա­մանա­կեայ քննու­թեան մը շա­տոնց ար­ժա­նի են։ Սա­կայն, ինչպէս խոս­տա­ցայ, ասոնց մա­սին ար­տա­յայ­տուելու տե­ղը չէ հոս։

Դեռ քա­նի մը օր առաջ, դա­սարա­նի մէջ կար­դա­ցինք «Ահ­մետ էֆեն­տի փո­ղոցը»։ Կը յի­շէք ան­շուշտ. ասի­կա այն փո­ղոցն է ուր մու­թին մէջ սի­րահար­ներ կը համ­բուրուին եւ Կի­կօ կը վախ­նայ հոն­կէ անցնե­լու, որով­հե­տեւ առանձնու­թիւնը միտ­քը կ՚իյ­նայ։ Աշա­կերտներս իրենց առ­ջեւ Զահ­րա­տով բա­ցուող դռնէն կը մտնէին հա­մար­ձակ ու ու­րախ քայ­լե­րով՝ քա­նի մը տող ան­դին կար­դա­լու հա­մար բա­ցօթեայ շատ պառ­կած ու քիչ մըն ալ հո­ղին տակ քնա­նալու հար­կադրուած Կի­կոյի կօ­շիկ­նե­րուն ճա­կատա­գիրը՝ «հան­գիստ իր կօ­շիկ­նե­րուն»։ Կօ­շիկ­նե­րը՝ չար­չա­րուած, հանգստա­նալո՞ւ պէտք ու­նէին ար­դեօք, թէ կօ­շիկ­ներն էին հան­գուցեալը։ Եռա­տող քեր­թուածը ո՛չ թէ հաս­տա­տում մը, այլ հար­ցում մը կը դնէր մեր առ­ջեւ։ Հար­ցում մը՝ առանց պա­րոյ­կի։ Պա­տաս­խա­նի մը պի­տի չյան­գէր ան­շուշտ մեր զրոյ­ցը եւ ար­դէն պա­տաս­խան մըն ալ չէինք փնտռեր, բայց դէ­պի այդ պա­տաս­խա­նը ըն­թա­նալու խաբ­կանքը ահա՛ այն տա­րածքն էր, ուր Զահ­րատ իրեն յա­տուկ հար­ցա­սիրու­թեամբ ու սրամ­տութեամբ առաջ­նորդած էր մեզ եւ պի­տի ու­զէր որ հոն մնա­յինք աւե­լի եր­կար։ Պա­տահա­բար չէ որ իրեն կը վե­րագ­րեմ հար­ցա­սիրու­թիւնը. հար­ցա­սէր մըն է ան, դէ­պի պա­տաս­խան ըն­թա­ցող մտա­ծումներ հրահ­րող մը։

Յա­մենալ Զահ­րա­տի բա­նաս­տեղծու­թեան տա­րած­քին,– երբ մա­նաւանդ դիւ­րա­մատ­չե­լի են իր բո­լոր հա­տոր­նե­րը, ի կեանս թէ յետ­մա­հու տպուած,– նոր Զահ­րատ մը բա­ցայայ­տե­լու աս­տի­ճան ատակ է զար­մացնե­լու մեզ, ցնցե­լո՛ւ աս­տի­ճան։ Դպրո­ցական ըն­թերցումնե­րէն կամ բե­մական ար­տա­սանու­թիւննե­րէն ան­դին, բա­նաս­տեղծին գոր­ծե­րը ման­կա­պատա­նեկան կամ եր­գի­ծական գրա­կանու­թիւնը կը սահ­մա­նազան­ցեն եւ կը բա­ցայայ­տեն, իր իսկ խօս­քե­րով, «տխուր Զահ­րատ»-ը։ Եւ հոն, այդ ըն­դարձակ տա­րած­քին վրայ պտըտե­լու ժա­մանակ կը զգանք, թէ մենք բա­նաս­տեղծը ճանչնալ նա­խընտրած ենք իր զուար­թութեան, իր աղուորու­թեան մէջ, իր պարզ բա­ռերը «խա­բած են» մեզ՝ տա­լով հա­սարակ բան մը կար­դա­լու թիւր տպա­ւորու­թիւնը, մինչդեռ Զահ­րատ տխուր է խոր­քին մէջ, ուր ստուեր կայ, կան փու­շեր։ Տխրու­թիւն մը որ, նոյ­նի՛սկ, մերթ Կի­կոյով ալ կը յայտնուի…

Հա­յաս­տան իր այ­ցե­լու­թիւննե­րէն մէկն էր։ Կար­ծեմ 2000-ական­նե­րու ան­մի­ջապէս սկիզ­բը։ Մեր ժա­մադ­րուած ժա­մէն շատ աւե­լի կա­նուխ եկած էր հա­մալ­սա­րան, այնպէս որ բա­նասի­րակա­նի դռնէն երբ մտայ՝ զինք տե­սայ հան­դի­պակաց դա­րաւան­դին վրայ, ան­հոգ զրոյ­ցի բռնուած ու­սա­նողու­հիի մը հետ։ Քա­նի մը վայրկեան ետք դուրսն էինք՝ եր­թա­լու հա­մար մա­տենա­գէտ, Մաշ­տո­ցեան մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէն հան­գուցեալ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեանի քով, որ այն ժա­մանակ կը վա­րէր «Նա­յիրի» հրա­տարակ­չա­տու­նը։ Ու­րախ հան­դի­պում մըն էր. Թամ­րա­զեան, որ տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղծ մըն էր միաժա­մանակ, կը գնա­հատէր Զահ­րա­տի արուես­տը ջերմ ու ան­կեղծ ար­տա­յայ­տութիւննե­րով։ Հրա­ժեշտ տա­լէ ետք Թամ­րա­զեանին, կը քա­լէինք Իսա­հակեան փո­ղոցի վրայ, զրու­ցե­լով մէկ կող­մէ ալ։ Կե­ցաւ պահ մը։ Կար­ծե­ցի թէ յոգ­նած է ու կ՚ու­զէ շունչ մը առ­նել։ Կարճ պահ մըն էր երբ մշու­շուած տե­սայ իր դէմ­քը, ստուեր մը կար աչ­քե­րուն խո­րը, թե­թեւ ձանձրոյթ մը, որոնցմէ միշտ հե­ռու պա­հած էր ան իր ըն­թերցող­նե­րը։ «Է՜հ,– ըսաւ,– ես ալ, դուն ալ շատ լաւ գի­տենք, որ ան­ցո­ղիկ ու պա­րապ բա­ներ են այս բո­լոր գո­վասանքնե­րը, հա­մակ­րանքի ար­տա­յայ­տութիւննե­րը»։

Անակնկալ խոս­տո­վանու­թիւն մը, նո՛յնքան եւ աւե­լի՛ անակնկալ զգաց­մունքնա­յու­թեամբ, զոր եր­բեք չէի ակնկա­լեր իր­մէ։ «Տխուր Զահ­րատ»-ն էր հոն, որուն կ՚ակ­նարկէր ան­վերնա­գիր քեր­թուածի մը մէջ։

Եւ ահա ու­րիշ մը իր­մէ, մուտքի հա­տուա­ծը «Աղօթք»-ին, առ­նուած 1971 թուակիր «Բա­րի եր­կինք»-էն.

«Բո­լորին

Թող բո­լորին օրհնու­թիւններն աւի­շի պէս գան սրսկին

Սէ­զին վրայ սա ազա­զուն որ Զահ­րատ

          Զահ­րատ ըլ­լալ կը յա­ւակ­նի պար­զա­պէս

Թող բո­լոր հին օրհնու­թիւններն այդ սէ­զին վրայ կաթկթին –

Որով­հե­տեւ ծանր է վիշ­տը որ սա պա­հուս կը սպառ­նայ

Ու այդ սէ­զը եթէ նոյ­նիսկ

          նոյ­նիսկ Զահ­րատն ալ ըլ­լայ

          կը փտի –» …։

Թու­մա­նեանի «Հին օրհնու­թե­նէն» ար­ձա­գան­գի մը թրթռա­ցու­մը չէ՞ք լսեր մի­թէ այս ի սրտէ աղօթ­քի ծալ­քե­րուն, տա­րինե­րու հե­ռաւո­րու­թե­նէ։ Զահ­րատ՝ փխրուն, տկար սէզ մը, որ Զահ­րատ ըլ­լալ կը յա­ւակ­նի պար­զա­պէս, փտե­լու սպառ­նա­լիք կը դի­մագ­րա­ւէ՝ վիշ­տի ծան­րութեան տակ։ «Տխուր Զահ­րատ» մը՝ դէմ­յանդի­մանուած միւս Զահ­րա­տին, զոր մենք ճանչնալ կը կար­ծենք։

Իր ծննդեան 100-ամեակի այս շրջա­նին, բա­նաս­տեղծը տա­կաւին սպա­ռած չէ ինքզինք, միայն թէ զինք պէտք է «ազա­տագ­րենք» այ­լեւս դպրո­ցական կամ ծի­սային հան­դի­սաւո­րու­թե­նէ, ծա­նօթա­նանք հե­տը վերստին։

Այս տա­րին դառ­նայ առիթ մը՝ պե­ղելու խոր­քե­րը Զահրատի։

Սեւան Տէյիրմէնճեանի՝ Դիմագիրքի էջէն

2024 Մայիս 13

_____

(*) Գրութիւնը անվերնագիր է։ Վերնագիրը՝ մեր կողմէ – «ՆՅ»։