Կ՚ակնկալուի, որ ՀԱՊԿ-ի դէտերը Հայաստան ժամանեն Սեպտեմբեր 15-ին

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Սեպտեմբեր 14-ի յետմիջօրէին յայտարարած է, թէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիտորդական առաքելութիւնը մեծ հաւանականութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ վաղը՝ Սեպտեմբեր 15-ին։

“Մենք կարծում ենք, որ այդ առաքելութիւնը կը ժամանի արդէն վաղը․․․ Մեր դիմումը պատշաճ կարգով քննարկուել է ՀԱՊԿ խորհրդում, որոշուել է ուղարկել դիտորդական առաքելութիւն, եւ մենք յոյսով ենք, որ առաքելութիւնը վաղն արդէն կը ժամանի»,– յայտարարած է Միրզոյեան Ազգային ժողովի հարցում-պատասխանի ընթացքին։

Արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութեամբ հաստատած է, որ Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած այս յարձակումը մեծ մասամբ հասցէական խիստ դատապարտման արժանացած է միջազգային հանրութեան կողմէ։ “Անշուշտ, մի շարք երկրների ու կազմակերպութիւնների դէպքում [յայտարարութիւնները] ոչ այնքան հասցէական էին եւ ուղիղ արձանագրող, որքան մենք կը ցանկանայինք, բայց աշխատանքներ տարուել են եւ հիմա էլ շարունակուելու են”,– աւելցուցած է ան։