Search
Close this search box.

Կազայի գօտիին մէջ զոհուած է հայկական արմատներ ունեցող Նիռ-Ռաֆայէլ Քանանեանը

 

Դեկտեմբեր 22-ին, Կազայի գօտիի՝ Խան Եունիսի մէջ, զոհուած է 20-ամեայ աւագ յիսնապետ Նիռ-Ռաֆայէլ Քանանեանը: Լուրը կը հաղոդէ israelahayer.com կայքը։

Ան  «Կիվաթի» յատուկ ստորաբաժանման մարտիկ էր։ Հանգուցեալը ըստ հրամանատարութեան ու իր հետ ծառայած զինուորներու հաղորդած տեղեկութեան՝ աւարտած էր ընդյատակեայ պատերազմներու եւ մարտական պայմաններու տակ թշնամիի դէմ պայքարի զինուորական դասընթացքը: Անոր զինուորական ծառայութեան աւարտին ու տուն վերադարձին մէկ ամիս մնացած էր:

Դեկտեմբեր 24-ին, Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած է Քանանեանի՝ զինուորական ծիսակատարութեամբ յուղարկաւորութիւնը:

Զինուորին աճիւնը հողին յանձնուած է Պեյթ Քեշեթի գերեզմանատան մէջ: