Search
Close this search box.

Կայացած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը

 

Վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Դեկտեմբեր 19-ին կայացած է Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) նիստը։

Նիստին, բացի ԱԽ-ի անդամներէն, մասնակցած են նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան, Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան, Խորհրդարանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան: 

Քննարկուած են Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հայաստանի պարէնային անվտանգութեան ապահովման, Զինեալ ուժերու միասնական կառավարման ինքնաշխատ (աւտոմատացուած) համակարգին եւ անվտանգութեան առնչուող այլ հարցեր: 

Զեկոյցներով հանդէս եկած են Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, Սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեան, Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան եւ այլ պաշտօնատարներ: