Search
Close this search box.

ԿԱՆՅԻ – ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – «Մերսէս Ռոպէր Փափազեան» * շաւիղի բացում

Փարիզեան շրջա­նի արե­ւելեան քա­ղաք­նե­րուն ազա­տագ­րութեան 80-ամեակը տօ­նուե­ցաւ զա­նազան արա­րողու­թիւննե­րով:

Այսպէս Կան­յի քա­ղաքը այս առի­թով Կի­րակի, Սեպ­տեմբեր 1-ին կազ­մա­կեր­պած էր նախ բա­ցատ­րա­կան պտոյտ մը քա­ղաքին պատ­մա­կան եւ հե­տաքրքրա­կան վայ­րե­րը: Այս խումբը յե­տոյ մասնակցեցաւ նա­խապէս «Կա­նաչ ճամ­բայ» կո­չուող եւ քա­ղաքա­պետա­րանի Յու­նիս 26-ի որո­շու­մով «Մեր­սէս Ռո­պէր Փա­փազեան» անուանա­կոչուած շա­ւիղի բաց­ման արա­րողու­թեան: Ներ­կայ էին քա­ղաքա­պետ Ռո­լէն Քռա­նոլի եւ իր կցորդնե­րը, Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նատու­նէն Լիանա Ղու­կա­սեան եւ Սեր­գէյ Ոս­կա­նեան, Ռ. Փա­փազեանի քոյ­րը եւ ըն­տա­նեկան ան­դամնե­րը, Նախ­կին ռազ­միկնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը եւ դրօ­շակա­կիր­նե­րը,– ցա­ւօք սրտի, բա­ցակայ էին Հայ նախ­կին ռազ­միկնե­րը,– եւ շուրջ 50 հան­դի­սական­ներ, մե­ծամաս­նութեամբ հա­յեր, իրենց եռա­գոյննե­րով: Ֆրան­սա­կան դրօ­շակով ծած­կուած՝ Մեր­սէս Ռո­պէր Փա­փազեանի անու­նը կրող շա­ւիղի ցու­ցա­տախ­տա­կի քօ­ղազեր­ծումը կա­տարեց քա­ղաքա­պետը, իր կող­քին ու­նե­նալով Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յացու­ցի­չը, Ռ. Փա­փազեանի քոյրն ու ըն­տա­նեկան միւս ան­դամնե­րը: Ծաղ­կե­փունջե­րու զե­տեղու­մէն յե­տոյ Ռ. Քռա­նոլի խօ­սեցաւ Կան­յիի բնա­կիչ Ռ. Փա­փազեանի մա­սին, անդրա­դար­ձաւ անոր կեան­քին ու անձնա­զոհու­թեան՝ յա­նուն Ֆրան­սա­յի ազա­տագրման պայ­քա­րին: Եւ մա՛նա­ւանդ յի­շեց. «Այս անուանա­կոչու­մը պէ՛տք է ըլ­լար. խորհրդան­շա­նական է այս ու­ղին, որ կը գտնուի դպրոց­նե­րու ճամ­բուն վրայ եւ ուրկէ ամէն օր կ՚անցնին աշա­կերտներ՝ տես­նե­լով եւ կար­դա­լով այս ցու­ցա­տախ­տա­կը»։ Արա­րողու­թիւնը վեր­ջա­ցաւ ֆրան­սա­կան փա­ռեր­գով:

Օրուան հան­դի­սու­թիւննե­րը այ­նուհե­տեւ շա­րու­նա­կուե­ցան Յի­շատա­կի հրա­պարա­կին վրայ գտնուող Ֆրան­սա­յի հա­մար զո­հուած­նե­րուն նուիրուած յու­շարձա­նին շուրջ: Հոծ բազ­մութեան մը ներ­կա­յու­թեան Կան­յիի եւ դրա­ցի քա­ղաք­նե­րու քա­ղաքա­պետե­րը, շրջա­նի երես­փո­խանու­հին, քա­ղաքա­կան ընտրեալ­նե­րը, ոս­տի­կանա­կան եւ զի­նուո­րական ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը, հրշէջ­նե­րու խումբը իրենց տե­ղերը գրա­ւեցին հրա­պարա­կին վրայ: Քա­ղաքա­պետ Ռ. Քռա­նոլի իր ճա­ռին մէջ կրկին ծան­րա­ցաւ Ռ. Փա­փազեանի կեան­քին ու նուիրու­մին վրայ: 

Ծաղ­կե­փունջե­րու զե­տեղու­մէն, Ար­ձա­կազէն­նե­րու եր­գէն եւ ֆրան­սա­կան փա­ռեր­գէն յե­տոյ օրուան արա­րողու­թիւննե­րը աւար­տե­ցան հիւ­րա­սիրու­թեամբ:

Ներ­սէս Ռո­պէր Փա­փազ­եան ծնած է 1924 Յու­նուար 6-ին Փա­րիզ եւ հե­տագա­յին հաս­տա­տուած՝ Կան­յի։ Կ՚աշ­խա­տէր Ռը­նոյի գոր­ծա­տու­նը: Հա­մաշ­խարհա­յին Բ. պա­տերազ­մին մաս կը կազ­մէ Հիլտ­վէր գու­մարտա­կին։ Փա­րիզի ազա­տագ­րումէն յե­տոյ 1944 Օգոս­տոս 26-ին ծանր բա­խումներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան Փա­րիզի արե­ւել­քը։ Գու­մարտա­կը կո­րուստներ կ՚ու­նե­նայ եւ դի­մադ­րա­կան­նե­րը կը պահուը­տին շրջա­նի գիւ­ղե­րուն մէջ։ Գեր­մա­նա­ցի­նե­րը կը խու­զարկեն գիւ­ղե­րը եւ կը ձեր­բա­կա­լեն դի­մադ­րա­կան­ներ, ի շարս որոնց՝ Ներ­սէս Փա­փազեանը։ Օգոս­տոս 27-ին, Սէն-Մէմ գիւ­ղին մէջ Ներ­սէս կը գնդա­կա­հա­րուի իր չորս ըն­կերնե­րուն հետ։ Անոր անու­նը կրող յու­շարձան­ներ կը գտնուին Կան­յի եւ Սէն-Մէմ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, իսկ իր գե­րեզ­մա­նը կը գտնուի Կան­յիի գե­րեզ­մա­նատան զի­նուո­րական բաժ­նին մէջ։

Ներ­սէս Փա­փազեան այս անուանա­կոչու­մով կը դառ­նայ ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րուն կող­մէ մե­ծարուած 23-րդ հայ դի­մադ­րա­կանը կամ զի­նուո­րը՝ պա­տերազ­մի ըն­թացքին զո­հուած կամ՝ ոչ։

* Ի հար­կէ Մեր­սէս Ռո­պէր Փա­փազեանը պէտք էր ըլ­լար Ներ­սէս Ռո­պէր Փա­փազեան։ Ըստ ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներուն եւ քա­ղաքա­պետա­րանի աշ­խա­տակ­ցին, անուանա­կոչու­մը եղած է այսպէս, որով­հե­տեւ Ներ­սէս Փա­փազեանի բո­լոր պաշ­տօ­նական թուղթե­րը, նոյ­նիսկ իր ծննդա­թուղթը, կը կրէին Մէր­սէս անու­նը։ Սխալ մը որ յա­ճախ կը պա­տահի հա­յերու պա­րագա­յին ի Ֆրան­սա, Թուրքիա կամ այ­լուր։ Փա­փաքե­լի էր որ այս անուանա­կոչու­մին առ­թիւ սխա­լը սրբագ­րուէր եւ գո­նէ այս ցու­ցա­տախ­տա­կով Ներ­սէս վե­րագտնէր իր բուն անու­նը։

Թղթակցութիւն եւ լուսանկարներ՝

Հ. ՆՈՐՇԷՆ