Հոկտեմբեր 21-ին, Կապանի մէջ պաշտօնապէս բացուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս իրադարձութիւնը բարեկամ եւ դրացի երկու երկիրներու ջերմ յարաբերութիւններու ապացոյցը համարած է, որ միաժամանակ իւրօրինակ փուլ կը հանդիսանայ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար:
Հիւպատոսութեան բացման արարողութեան կարմիր ժապաւէնը կտրած են նախարար Միրզոյեանն եւ իրանցի իր պաշտօնակից Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան։
“Այսօր նշանակալից օր է հայ-իրանական բազմադարեայ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւնների պատմութեան մէջ: Վստահաբար կարող եմ նշել, որ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնումն ու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը նոր որակ կը հաղորդեն երկու երկրների առանձնայատուկ յարաբերութիւններին, կը խթանեն երկկողմ համագործակցութիւնն ու կը նպաստեն հայ-իրանական կապերի զարգացմանը”,– յայտնած է Միրզոյեան:
Ան յատկանշական համարած է, որ այս կարեւոր միջոցառումը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-րդ տարեդարձին:
“Անցած 30 տարիների ընթացքում մեր անցած ուղին նշանաւորուել է ռազմավարական բնոյթ ունեցող յարաբերութիւնները եղբայրութեան եւ սերտ գործընկերութեան ոգիով զարգացնելու մեր անկեղծ մղումով: Վստահ եմ, որ այսուհետեւ եւս կը ներդրուեն անհրաժեշտ ջանքեր՝ ապագայ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը աւելի խորացնելու եւ ամրապնդելու համար”,– շեշտած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը:
Միրզոյեան վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ խորապէս կ՚ընկալեն եւ բարձր կը գնահատեն երկրի ողնաշարը հանդիսացող այս հատուածին՝ Սիւնիքի մարզին մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու Իրանի որոշումը: “Ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ վերահաստատել հայկական կողմի մտադրութիւնը՝ Թաւրիզում գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնելու վերաբերեալ: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Հայաստանի համար մշտապէս եղել է եւ կը շարունակի լինել առանցքային գործընկեր: Մեր համագործակցութիւնը կը ներառէ բաւական ընդգրկուն քաղաքական օրակարգ, ինչպէս նաեւ առեւտրի, ուժանիւթի, երթեւեկութեան միջոցների, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան բնագաւառներում ամուր կապեր, որոնք, լիայոյս ենք, աւելի կը խորանան եւ որակական ու գործնական նոր շունչ կը ստանան այսօր բացուող գլխաւոր հիւպատոսութեան շնորհիւ”,– նշած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը:
Ան ջերմօրէն շնորհաւորած է Մորթեզա Ապետին Վարամին՝ Կապանի մէջ Իրանի աւագ հիւպատոսի պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելուն կապակցութեամբ։
Իր կարգին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան իր ելոյթին յայտարարած է, թէ Իրան Հայաստանի եւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը կը համարէ իր անվտանգութիւնը:
“Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն հիմնելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումը կ՚ապացուցէ, որ Իրանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը որքան կարեւորութիւն կու տան Իրանի եւ հայ ժողովուրդի հազարամեայ յարաբերութիւններուն: Ես կ՚ուզեմ Կապանի յարգարժան եւ հիւրընկալ քաղաքացիներու ներկայութեամբ յայտնել, որ Իրան՝ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը իր անվտանգութիւնը կը նկատէ: Մեր քաղաքականութիւնն է՝ յարգել հողային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները”,– ընդգծած է Իրանցի նախարարը:
Ան յոյս յայտնած է, որ թէ՛ Երեւանի դեսպանութեան, թէ՛ Կապանի հիւպատոսութեան գործընկերներու ջանքերուն շնորհիւ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի կը զարգանան:
Ապտոլլահեան նշած է, որ Սիւնիքի մարզը կը հանդիսանայ հիւսիս-հարաւ միջանցքի կարեւորագոյն հատուածներէն մէկը: “Մենք Հայաստանը կը համարենք հիւսիս-հարաւ մայրուղիին վրայ գտնուող կարեւորագոյն երկիրներէն մէկը: Եւ մեր առաւելագոյն ջանքերը կը գործադրենք, որ այս տարանցիկ ուղին, ինչպէս նաեւ ապրանքներու եւ ուղեւորներու փոխադրումները այս ուղիով աւելի զարգանան”,– ըսած է ան:
Աւարտին, նախարարը հաղորդած է Իրանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին ջերմ ողջոյնները:
Իսկ նորանշանակ հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամին՝ անդրադառնալով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ ազերպայճանական յարձակման, յայտարարած է, թէ Իրան տարածաշրջանին մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն պիտի չճանչնայ. եթէ որեւէ երկիր իր սահմաններէն դուրս գործողութեան ձեռնարկէ, Իրան համարժէք հակազդեցութիւն կը ցուցաբերէ:
Հարցումին՝ թէ յստակօրէն ինչպիսի՞ հակազդեցութեան կ՚ակնարկէ, հիւպատոսը պատասխանած է որ այդ հակազդեցութիւնը տուեալ գործողութեան համարժէք պիտի ըլլայ։
“Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները բազմիցս յստակ յայտարարած են` թէ երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները պէտք է յարգուին”,– ըսած է ան։
Հիւպատոսը յիշեցուցած է, որ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը եւս շեշտած է, թէ Հայաստանի անվտանգութիւնը Իրանի անվտանգութիւնն է: “Մենք շատ պարզ ու յստակ կ՚ըսենք, որ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն պաշտոնապէս պիտի չճանչնանք: Մենք կ՚ուզենք խաղաղ եւ կայուն Հայաստան: Հոս մեր պատգամը խաղաղութեան եւ բարեկամութեան պատգամ է: Բնականաբար, երկու երկիրներու շահերը նկատի կ՚ունենանք: Ես Կապանի բնակչութեան համար անգամ մը եւս կը շեշտեմ՝ չմտահոգուի՛ք, ես Կապան կը գտնուիմ”,– ընդգծած է Վարամին:
Վարամին անդրադարձած է նաեւ՝ Հայաստանին իրանական անօդաչու սարքեր վաճառելու վերաբերեալ շրջող լուրերուն:
Հարցումին, թէ՝ Իրանի հիւպատոսը կը հաստատէ՞ այն տեղեկութիւնը, որ Հայաստան պաշտօնապէս դիմում ներկայացուցած է իրանական անօդաչու սարքեր ձեռք բերելու վերաբերեալ, եւ արդեօք Իրան պատրա՞ստ է Հայաստանին զէնք վաճառելու, ան պատասխանած է.
“Ես կը կարծեմ՝ այս հարցը աւելի շատ պէտք է ուղղել պաշտպանական բնագաւառի պատասխանատուներուն, որոնք իրարու հետ կապի մէջ են եւ փոխադարձ այցելութիւններ ու քննարկումներ կ՚ունենան։ Կ՚ենթադրեմ՝ Հայաստան երբեք յարձակողական զէնքերու կարիք պիտի չունենայ”։
Բացման հանդիսութեան լուսանկարները՝ Տաթեւ Դուրեանի
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։