«Հազարաւոր մարդիկ, որոնք այժմ կը լքեն իրենց տուները, պէտք է պաշտպանուած ըլլան վտանգներէ։
Բնակչութեան լայնածաւալ տեղաշարժը նկատի առնելով՝ կոչ կ՚ընենք իշխանութիւններուն յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը:
Հիւանդ, վիրաւոր, տարեց, հաշմանդամ մարդիկ, յղի կիներ ու ընտանիքէն բաժնուած կամ առանց ուղեկցութեան երախաները պէտք է առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանանան։
Կարմիր Խաչի գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է ապահովել այս մարդոց անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ սնունդի, առողջապահական ծառայութիւններուն հասանելիութիւնը։
Առաջնահերթ է նաեւ օգնել քաղաքացիներուն՝ գտնելու համար իրենց կորսնցուցած հարազատները, ինչպէս նաեւ շարունակել վիրաւորներու եւ անյետաձգելի բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող հիւանդներու տարհանումը։
Մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր․ սնունդի ու դեղորայքի խիստ կարիքը կայ, հեռահաղորդակցութեան ծառայութիւնները խաթարուած են, որու հետեւանքով մարդիկ դժուարութեամբ կապ կը հաստատեն իրենց հարազատներուն հետ։
Անցեալ շաբթուան ընթացքին մեր խումբերը տարհանեցին հրատապ օգնութեան կարիք ունեցող 50 վիրաւորներ եւ տրամադրեցին 66 թոն ալիւր, բժշկական պարագաներ, մանուկներու համար 28.000 շոր եւ 500 լիթր վառելիք՝ տեղւոյն բժշկական հաստատութիւններու ժեներաթէօրներու աշխատանքը ապահովելու համար»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։