Սաղաթէլ Պասիլ
2025-ը աշխուժ սկիզբ մը ունեցաւ Երեւանի մէջ, յատկապէս արեւմտահայերէնի առնչութեամբ: Հինգշաբթի, 9 Յունուարին CSN lab-ի կեդրոնին մէջ, իսկ Շաբաթ 11 Յունուարին «Յառաջ արեւմտահայերէնի կեդրոն»-էն ներս տեղի ունեցաւ Սաղաթէլ Պասիլի «Կեանք մը Հալէպի ճամբաներուն վրայ» (հովանաւոր՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւն, սրբագրիչ՝ Մարալ Տիքբիկեան, վերանայող՝ Սօսի Միշոյեան, ձեւաւորող եւ էջադրող՝ Ռոստոմ Գույումճեան, «Զանգակ» հրատարակչատուն, Երեւան, 2024) խորագրով գիրքի շնորհահանդէսը:
Հատորը կը ներկայացնէ 1980-ականներու վերջէն 2000-ականներու սկիզբի Հալէպ քաղաքի յիշողութիւնը, այս պարագային հեղինակ՝ Սաղաթէլ Պասիլինը: Ան աչազուրկ է, շաքարախտի պատճառով 27 տարեկանին կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը, բան մը, որ պատճառ դարձած է կեդրոնանալու իր մտքի պատկերներուն վրայ եւ զանոնք գրաւոր յիշողութեան վերածելու եւ հատորներով հանրութեան ներկայացնելու: Այս հատորը հեղինակին չորրորդն է, ուր իշխող է հալէպահայու խօսակցական լեզուն:
Հուրի Փիլիպպոսեան կ՚արտասանէ իր խօսքը հատորին մասին։ Պաստառին վրայ, առցանց՝ Սաղաթէլ Պասիլ
Սաղաթէլն ու Հուրի Փիլիպպոսեանը հիմնած են «Հայ Հալէպ» դիմագիրքեան հարթակը, ուր հոծ թիւով հալէպահայ հետեւորդներ իրենց յուշերը կը պատմեն երբեմն գրաւոր, երբեմն ալ բանաւոր կերպով, լուսանկարներ կը տրամադրեն հարթակին, հարցազրոյցներ տեղի կ՚ունենան հալէպցիներու հետ: Նպատակը՝ քաղաքի յիշողութեամբ ապրեցնել Հալէպը: «Հայ Հալէպ» հարթակին առաջին շօշափելի արդիւնքն է Սաղաթէլի այս գիրքը: Իսկ ինչո՞ւ գիրքը ներկայացուեցաւ CSN lab-ի (csnlab.net) մէջ, պարզապէս որովհետեւ այս հարթակը եւս տարիներու գործունէութեամբ կը զբաղի քաղաքային յիշողութեան ուսումնասիրութեամբ եւ աշխուժացումով, մշակութային երկխօսութեամբ, բարդ անցեալի, քաղաքային եւ հանրային տարածքներու մէջ խօսքի ուսումնասիրութեամբ: Նպատակը՝ բացայայտել, շօշափել եւ ուսումնասիրելն է յիշողութեան նուրբ շերտերը:
Ուրեմն, CSN lab-ի շնորհահանդէսը նուիրուած էր քաղաքի յիշողութեան. ներկայ էին մեծ թիւով ուսանողներ Ամերիկեան համալսարանի, Oral History Matters-ի (Բանաւոր յիշողութեան հիմնախնդիրներ, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի մէջ գործող ընկերութիւն մը, ղեկավարը՝ Դոկտ. Հուրիկ Աթթարեան) աշխատակիցներ եւ տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ երիտասարդներու փաղանգ մը: Ելոյթ ունեցան CSN lab-ի տնօրէնը, որ անդրադարձաւ այս երեք հարթակներու նոյն ուղղուածութեան մասին, գիրքի խմբագիր Հուրի Փիլիպպոսեան ներկայացուց «Հայ Հալէպ» հարթակը, Հուրիկ Աթթարեան ընթերցեց գիրքէն երեք պատմուածք եւ գիրքի հեղինակ Սաղաթէլ Պասիլ առցանց ներկայացուց գիրքը եւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Հանդիսութիւնը հիմնականին մէջ կեդրոնացած էր անհատի մը,– այս պարագային գիրքի հեղինակին,– քաղաքի յիշողութեան վրայ: Հալէպ քաղաքը կը ներկայացուէր պատանիի մը աչքերով: Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ գիրքին կցուած քարտէսը, որ կը ներկայացնէ Սաղաթէլի ճանչցած Հալէպը ամենայն մանրամասնութեամբ:
Զեփիւռ Թամիրեան կը կարդայ գիրքէն հատուած մը
«Յառաջ արեւմտահայերէնի կեդրոն»-էն ներս տեղի ունեցած շնորհահանդէսին առաւելաբար ներկայ էին հալէպահայեր: Այնտեղ նոյնպէս ելոյթ ունեցաւ Հուրի Փիլիպպոսեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց «Հայ Հալէպ» հարթակը, անոր ինչպէս եւ ինչու ստեղծուիլը, յայտնելով որ հարթակը կը զբաղի Հալէպի հայ համայնքի արխիւագրութեամբ, որուն նպատակը Հալէպի երբեմնի հայկական դիմագիծը պահպանելն է, որմէ ետք անդրադարձաւ հեռակայ ծրագրերուն, թէ «Հայ Հալէպ»-ը պիտի վերածուի կայքէջի, որուն համար արդէն իսկ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութենէն դրամաշնորհ մը ստացած են: Կայքէջը հասանելի պիտի ըլլայ համայն աշխարհի հայութեան, ուր հպումներով պիտի տեսնեն, կարդան կամ դիտեն հարցազրոյցներ, Հալէպի յիշողութեան մասին զանազան նիւթեր, բան մը որ կրնայ օրինակ հանդիսանալ եւ խթան, որ ստեղծուին այլ քաղաքներու եւս յուշագրութիւններ եւ քարտէսներ: Խօսք առաւ լրագրող, վերլուծաբան Սագօ Արեան, խօսեցաւ Հալէպի ու ներկայացուած գիրքին կարեւորութեան մասին: Հեղինակ Սաղաթէլ Պասիլ հեռակայ մասնակցութեամբ ներկայացուց գիրքը գրելու դրդապատճառները, ինչպէս նաեւ շեշտեց յիշողութիւններու պահպանման կարեւորութեան մասին, ըսելով. «Կարեւոր չէ թէ ինչպէս կը գրես, կարեւորը գրես եւ պահպանես այդ յիշողութիւնը»։ Շնորհահանդէսի ընթացքին Ժիրայր Կարապետեան ընթերցեց գիրքէն «Փողոցս» յուշագրութիւնը, իսկ Զեփիւռ Թամիրեան՝ «Ես եւ թեթաս՝ Մաշթալի ճամբան», որմէ ետք կարդաց իր գրած յուշագրութիւնը: Աւարտին, հանդիսատեսները հարցումներ յղեցին հեղինակին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։