Մայիս 3-ի երեկոյեան բացուած է Կիրանց գիւղի ճամբան։ Լուրը հաղորդած են տեղւոյն վրայ աշխատող լրագրողները։
Մեծ թիւով ոստիկաններ եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան ուժեր կը հեռանան գիւղէն։
Յիշեցնենք, որ Մայիս 2–ի առաւօտեան ժամը 6-ին, ոստիկանութեան մեծ ուժեր հասած էին Կիրանց գիւղ, ուրկէ բիրտ ուժ կիրարկելով ձերբակալած էին ճամբան փակած այր մարդիկ, այդ կարգին անչափահասներ: Այնուհետեւ ոստիկանութիւնը մի՛այն Կիրանց բնակողները՝ անձնաթուղթի ստուգումէ ետք, արտօնած էր մուտք գործել գիւղ։
Անկէ առաջ, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, թէ Կիրանցէն 2500 մեթր դէպի հիւսիս տեղի պիտի ունենայ պայթեցման աշխատանք, սակայն պայթումի ձայներ չեն լսած ո՛չ տեղացիները, ո՛չ ալ աւելի հեռուն գտնուող լրագրողները։
Ներքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդած էր, թէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պետական սահմանի Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղի եւ Ազերպայճանի Ղազախի շրջանի Խեյրեմլի գիւղի հատուածին մէջ կը կատարէ ականազերծման աշխատանքներ։
«Գիւղացիները տակաւին սպասողական վիճակի մէջ են, կ՚ուզեն հասկնալ, թէ ի՞նչ պիտի տեղի ունենայ»,– յայտնած է Կիրանցի գիւղապետը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։