Search
Close this search box.

Կլենտէյլի քաղաքապետը Հայաստան կ՚այցելէ

Կլենտէյ­լի քա­ղաքա­պետ Էլէն Ասատ­րեան Յու­նիս 11-20 կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան՝ մաս­նակցե­լու ԱՄՆ-ու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած Տե­ղա­կան ժո­ղովրդա­վարու­թեան հա­մաժո­ղո­վին։

Այ­ցի նպա­տակն է զար­գացնել երկ­կողմ յա­րա­բերութիւն­նե­րը, ու­սում­նա­սիրել տնտե­սական կա­րե­լիու­թիւննե­րը եւ խթա­նել  մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան փո­խա­նա­կում­նե­րը Հա­յաս­տա­նի եւ Կլեն­տէյլի մի­ջեւ: 

Երե­ւանէն բա­ցի քա­ղա­քա­պետը կ՚այ­ցե­լէ նաեւ Գիւմրի եւ հա­ւանա­բար՝ Կա­պան։

“Ոգե­ւորուած եմ վե­րադառ­նա­լով իմ ծննդա­վայր Հա­յաս­տան՝ իբ­րեւ Կլեն­տէյլի քա­ղաքա­պետ, ուր կը բնա­կի Հա­յաս­տա­նէն դուրս հա­յերու ամէ­նէն մեծ հա­մայնքը, որ կը կազ­մէ մեր քա­ղաքի բնակ­չութեան շուրջ 40 առ հա­րիւ­րը”,– խօ­սելով Հա­յաս­տան այ­ցի մա­սին ըսած է Ասատ­րեան։

Այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին նա­խատե­սուած են հան­դի­պումներ Հա­յաս­տա­նի տե­ղական ինքնա­կառա­վար­ման մար­միննե­րու, լրաս­փիւռնե­րու, գոր­ծա­րար­նե­րու եւ հա­մայնքա­յին կազ­մա­կեր­պութիւններու հետ: ■