Հայ կրթական հիմնարկութիւնը (AEF) կը տեղեկացնէ, թէ ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի նախաձեռնած «Արարատ-Խաչանով» ցուցադրական բարեսիրական մրցումին մասնաճիւղը գոյացած հասոյթէն 15.000 տոլար յատկացուցած է հիմնարկութեան, որ իր կարգին գումարը տրամադրած է Արցախէն բռնի տեղահանուած 12 համալսարանական ուսանողներու կրթաթոշակները հոգալու նպատակին։ Լուրը կը հաղորդէ «Ասպարէզ»։
Արհեստավարժ թենիսի միջազգային դասաւորման 23-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ մարզիկ Կարէն Խաչանով, որ Անտրէյ Ռուպլեւի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ նշեալ մրցումին, ուրախութիւն յայտնեց, որ այդ ճամբով կարելի եղած է օգնութեան ձեռք երկարել արցախցի ուսանողներուն, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան, որոնք յաջողութեամբ պսակեցին այս նախաձեռնութիւնը։
Արցախի հայաթափումէն ետք, հիմնարկութիւնը աւելի քան 100 արցախցի համալսարանական ուսանողներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ մասնագիտացող 50 այլ արցախցի ուսանողներու կրթանպաստներ յատկացուցած է, ինչպէս նաեւ օժանդակած է Արցախէն աշակերտներ ընդունած Արեւադաշտի եւ Վերին Արտաշատի վարժարաններուն մէջ։ Նաեւ, հիմնարկութիւնը աւելի քան 1000 արցախցի աշակերտներու գրենական պիտոյքներ նուիրած է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։