Հոկտեմբեր 20-ին, Կոմիտաս վարդապետ իր ծնունդէն 155 տարի ետք առաջին անգամ կը յիշատակուի իր ծննդավայր Քիւթահիոյ մէջ, ուր քաղաքային խորհուրդը «Կոմիտաս՝ Քիւթահիայէն» խորագրով ոգեկոչման ձեռնարկ մը կը կազմակերպէ։
Քիւթահիոյ մշակոյթի եւ արուեստի ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ կայանալիք ձեռնարկին հրաւիրուած են շարականագէտ, երաժիշտ Մուրատ Իչլինալչա եւ փրոֆ. Ճենք Կիւրայ ու իր խումբը, որոնք պիտի հնչեցնեն Կոմիտասի անզուգական ստեղծագործութիւններէն փունջ մը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։